Ցանկալի է, որ Արցախի այցեքարտ «Ժենգեալով Հաց»-ը տարածուի աշխարհով մէկ՝ ինչպէս Իտալական «Փիցցա»-ն

Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախի «Պոլ Էլուար» տուն ֆրանսախօս երկիրներու կեդրոն հիմնադրամի ծրագիրներուն ծիրէն ներս, հայկական արմատներ ունեցող ֆրանսացի խոհարար Ալէն Ալեքսանեան այցելած է Արցախ՝ ծանօթանալու արցախեան խոհանոցի գաղտնիքներուն, ինչպէս նաեւ իր հին ու աւանդական բաղադրատոմսերը ներկայացնելու տեղի խոհարարներուն ու հրուշակագործներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Ալէն Ալեքսանեան, Օգոստոս 3-10, Ստեփանակերտի  «Վալլեքս Կարտըն» հիւրանոցային համալիրին մէջ կ՝իրականացնէ խոհարարական դասընթացներու շարք, որուն կը մասնակցին Արցախի մէջ  գործող արտադրական ընկերութիւններու աշխատակիցներ եւ անհատ ձեռներեցներ:

Զրոյցի մը ընթացքին՝ Ալէն Ալեքսանեան ըսած է, որ ինքը Արցախ կը գտնուի Յուլիս 28-էն ի վեր: Ան այցելած է Արցախի տարբեր շրջաններ, մտած է պատահական տուներ եւ համտեսած անոնց պատրաստած արցախեան ուտեստները:

«Նկատած եմ, որ արցախցիները շատ հիւրասէր մարդիկ են, բոլորն ալ սիրով հիւրընկալած են զիս եւ մատչելի ձեւով բացատրած ուտեստներու պատրաստման ձեւերն ու եղանակները, ինչպէս նաեւ խօսած անոնց օգտակարութեան մասին: Արցախի օդը մաքուր է, բնութիւնը՝ կախարդիչ, այստեղ կ՝աճին տարբեր բուսատեսակներ, որոնք զուրկ են արհեստական լրացուցիչ սնուցումէ: Արցախի բնակլիմայական պայմանները կը նպաստեն այստեղ տարատեսակ բոյսերու բազմազանութեան առկայութեան- ըսած է Ա. Ալեքսանեան եւ աւելացուցած,- Ես այստեղ եմ, ո՛չ միայն ֆրանսական ուտեստներ ներկայացնելու, այլեւ ծանօթանալու եւ սորվելու Արցախի դարերէն եկող խոհանոցային հարուստ մշակոյթին: Ցանկալի պիտի ըլլայ, որ Արցախի այցեքարտ «Ժենգեալով հաց» ուտեստը տարածուի աշխարհով մէկ, ինչպէս, օրինակ, իտալական «Փիցցա»-ն»:

Խօսելով արցախեան եւ ֆրանսական խոհանոցներու նմանութիւններուն մասին՝ խոհարարը ըսած է, որ Արցախի եւ Ֆրանսայի ճաշատեսակներն ու բուսատեսակները տարբեր են. անոնք Արցախի իւրօրինակ բնութեան բարիքներն են:

Անդրադառնալով Արցախին՝ Ա. Ալեքսանեան ըսած է, որ այս երկիրը հեքիաթային է, բայց, դժբախտաբար, քիչերը կը ճանչնան Արցախը:

«Ես պիտի ընեմ ամէն ինչ, որպէսզի ֆրանսացիներուն մօտ հետաքրքրութիւն առաջացնեմ դէպի Արցախ, անոր հրաշք բնութիւնը, պատմամշակութային մեծ արժէքները, հերոսական պատմութիւնը, հիւրասէր եւ լաւատես մարդը ու աւանդական խոհանոցը: Համոզուած եմ, որ Արցախը զբօսաշրջիկներուն ալ աւելի պիտի գրաւէ իր մաքուր բնամթերքով»,- աւելցուցած է Ալէն Ալեքսանեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ ինքը այլ ծրագիրներով եւս պիտի այցելէ Արցախ: