Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպմամբ, Ուրբաթ՝ 17 Օգոստոս 2018-ին, Մոնթրէալի ԹՄՄ կեդրոնէն ներս տեղի կ’ունենայ հանրահաւաք՝ «Նպաստե՛նք արդարադատութեան, և կաշառակերութեան վերացման» կարգախօսով:
Հաւաքը կազմակերպուած է՝ ի զօրակցութիւն նոյն օրը Երևանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ հրաւիրուելիք հանրահաւաքին, որը նուիրուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարման 100-րդ օրուան: