Հաշուապահութեան աշխարհի հսկաներէն «Կրենթ Թորնթըն»-ը եւս Ամերիկա-Հայաստան առեւտուրի արդիական համաձայնագիր կնքելու կոչ կ՛ընէ

Կ’իմանանք, թէ աշխարհի տարածքին հաշուապահական վեցերորդ մեծագոյն հաստատութիւնը հանդիսացող «Կրենթ Թորնթըն»ի Հայաստանի թեւը եւս իր ձայնը միացուցած է Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ արդիական համաձայնագիր մը գոյացնելու ջանքերուն՝ շեշտելով, որ Հայաստանը կրկնակի հարկումէ զերծ պահելու քայլը նպաստաւոր պիտի ըլլայ երկու կողմերուն համար:

Հաստատութիւնը այս նպատակով նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու գարձարանին։

Նշենք, որ «Կրենթ Թորնթըն»ը տարեկան աւելի քան 1.7 միլիառ տոլար եկամուտ ապահովող հաստատութիւն է եւ աշխարհի տարածքին ունի աւելի քան 7000 պաշտօնեաներ, որոնցմէ աւելի քան 160ը՝ Հայաստանի մէջ, ուր ընկերութիւնը իր առաջին գրասենեակը բացած էր 20 տարի առաջ։

«Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ առեւտուրին եւ փոխադարձ ներդրումներու աջակցելու նպատակով առնուած քայլերը արդէն իսկ սկսած են շօշափելի արդիւնքներ տալու, իսկ կրկնակի հարկումներու վերացումը կապերը աւելիով պիտի սերտացնէ, վերցնելով երկկողմանի տնտեսական կապերուն առաջ դրուած արհեստական արգելքները», գրած է «Կրենթ Թորնթըն»ի Հայաստանի գրասնենակի պատասխանատուներէն Գագիկ Կիւլպուտաղեան, 7 Օգոստոս թուակիր եւ Միացեալ Նահանգներու գանձապետ Սթիւ Մնուչինի հասցէագրուած նամակին մէջ։

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան Դեկտեմբերին Հայաստանի «Մերիըթ» պանդոկի գլխաւոր ներդրողներ Փօլ Քորեանի եւ Բեկլար Փիլաւճեանի, այս գծով խորհրդակցութիւներ ունեցած էին շարք մը քոնկրեսականներու հետ, իսկ «Թիւֆէնքեան գորգեր», «Թրիատա», «Շետոմեթիք», «ՓիքսԱրթ» եւ այլ հաստատութիւններ նմանապէս կոչեր կատարած էին՝ վերջ տալու կրկնակի հարկումին։

Այս տարուան Փետրուարն, Ներկայացուցիչներու տան Ելեւմտական սպասարկութեան յանձնախումբին առջեւ Մնուչինի տուած վկայութեան ընթացքին, քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն անոր հարցուցած էր, թէ արդեօք պատրա՞ստ է Հայաստանը կրկնակի հարկումէ զերծ պահելու նպատակով անյապաղ բանակցութեանց սկսելու՝ անսալով քոնկրեսականներու կոչին: Մնուչին դրական պատասխան տուած էր եւ խոստացած լրջօրէն աշխատիլ այդ նպատակին հասնելու համար:

Նաեւ, քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաոօ եւ Շըրմըն ձեռնարկած էին ստորագրահաւաքի արշաւի մը, որուն նպատակն էր իրենց պաշտօնակիցներէն աջակցութիւն ապահովել՝ Հայաստանը կրկնակի հարկումէ զերծ պահելու եւ ժամանակակից համաձայնագիր մը գոյացնելու համար: Անոնք ապահոված են աւելի քան 30 քոնկրեսականներու զօրակցութիւնը:

Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրը ներկայիս կը բանի Խորհրդային Միութեան օրերէն մնացած համաձայնագիրի մը պայմաններով, ինչ որ ճշգրիտ կերպով չ՛արտացոլացներ երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը եւ խոտոր կը համեմատի արդի պայմաններուն. անոնք ապա կոչ կ՛ընեն վերացնելու երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի զարգացման առաջ հաստատուած անտեղի խոչընդոտները: