Նիւ Եորքի «Մետրոպոլիտեն» արուեստի թանգարանը 2018 Սեպտեմբեր 21-էն մինչեւ 2019 Յունուար 13 պիտի հիւրընկալէ «Հայաստան» խորագիրը կրող բացառիկ ցուցահանդէսը, ուր պիտի ներկայացուի հայ ժողովուրդի պատմական ու մշակութային ժառանգութիւնը՝ սկսեալ Դ. դարէն՝ քրիստոնէութեան ընդունումէն, հայերէն գիրերու գիւտէն, մինչեւ ԺԷ. դար:
Հայաստանի պատմութեան թանգարանին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ցուցահանդէսին բացումը պիտի կայանայ 2018 Սեպտեմբեր 21-ին՝ ի նշանաւորումն Հայաստանի Անկախութեան օրուան:
Հայաստանի խոշոր թանգարաններէն՝ Հայաստանի պատմութեան թանգարան, Էջմիածինի Մայր Աթոռի թանգարաններ, Մատենադարան, ընտրուած 81 նմուշներուն հետ մէկտեղ, պիտի ներկայացուին նաեւ նմուշներ՝ փոխառուած Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքէն, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութենէն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութենէն, մշակութային այլ կեդրոններէ եւ անհատական հաւաքածուներէ:
Հայաստանի պատմութեան թանգարանէն 34 արժէքաւոր նմուշներէն մէկը՝ Դ.-Ե. դդ. Խարաբավանքի քառանիստ կոթողը (Արագածի հարաւային լանջ, Ուջան գիւղի մերձակայք) այս ցուցահանդէսին մէջ առանցքային եւ բացառիկ նշանակութիւն ունի, իբրեւ հայկական մշակոյթի ու արուեստի ինքնատիպ երեւոյթ, անոր ակունքի փաստացի վկայութիւն:
Ցուցահանդէսին ընդգրկուած աւելի քան 140 նմուշները՝ տարբեր նիւթերու, ձեւերու, տիպերու մէջ դրոշմուած հետքերով, տարբեր ժամանակներու եւ մշակութային միջավայրերու ծիրէն ներս, պիտի վերստեղծեն ինքնատիպ տարեգրութիւնը եւ անընդհատելի ընթացքը հոգեւոր այն արժէքներու, որոնք կը վկայեն Հայաստանի մշտական ներկայութիւնը եւ աւանդը համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ: