Այսուհետեւ mobile ծրագրաւորողները կրնան Հայաստանէն «Android Google Play»-ի մէջ տեղադրել եւ վաճառել իրենց ստեղծած յաւելուածները։
ՀՀ զբօսաշրջութեան, կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարարութեան լրատուական ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ մինչ այժմ հայ ծրագրաւորողները հնարաւորութիւն ունէին «Google play»-ի մէջ անվճար յաւելուածներ տեղադրելու, որոնք հասանելի էին ամբողջ աշխարհին: Սակայն, վճարովի յաւելուած կամ յաւելուած, որ կրնայ պարունակել ներյաւելուածային գնումներ (In-app purchase), Հայաստանի մէջ բացուած ծրագրաւորողի հաշիւները (Developer account) տեղադրել չէին կրնար, քանի որ Հայաստանը ընդգրկուած չէր Google-ի կողմէ արտօնուած երկիրներու ցանկին մէջ: Տեղական ընկերութիւնները ստիպուած կ՝ըլլային այլ երկիրներու մէջ բանալու «Developer account» եւ հարկ վճարելու այլ երկիրներու մէջ եղած վաճառքներուն դիմաց։ Դժուարութիւններ կ՝ըլլային նաեւ գումարը ստանալու ժամանակ, քանի որ «Google»-ը կ՝ուղարկէր գումարը միայն տուեալ երկրին մէջ բացուած դրամատնային հաշիւներուն:
Հայ մասնագէտները բազմիցս բարձրաձայնած էին այս անյարմարութեան մասին: ՀՀ զբօսաշրջութեան, կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարարութեան եւ «Google» ընկերութեան ներկայացուցիչներու միջեւ դեռ նախորդ տարունէ բանակցութիւններ կ՝ընթանային այս ուղղութեամբ։
Վերջապէս, նախորդ շաբաթ, այդ բանակցութիւնները յաջողութեամբ աւարտեցան: Հայաստանի մէջ արձանագրուած ընկերութիւնները կրնան վաճառել իրենց յաւելուածները «Google Play»-ի մէջ եւ ստանալ եկամուտներ:
Ասիկա իրական խոչընդոտ էր հայ ծրագրաւորողներու համար: Ասոր վերացման իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանի մէջ արտադրուող mobile յաւելուածներուն թիւը այսուհետեւ պիտի աճի, միջազգային շուկայի մէջ անոնց սպառման ծաւալները պիտի աւելնան: