Դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու տարագրութիւնը Տէր Զօրի մէջ» գիրքի շնորհահանդէսը` Դամասկոսի մէջ

Դամասկոսի «Ասատ գրադարան»-ի տարեկան միջազգային ցուցահանդէսին ընթացքին տեղի ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու տարագրութիւնը Տէր Զօրի մէջ»` ԺԹ. դարու վերջը եւ Ի. դարու սկիզբը» գիրքին շնորհահանդէսը:

«Ալշարք» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ, քաղաքական գործիչներ, Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչներ, արաբ մտաւորականներ, Արաբ գրողներու միութեան անդամներ, դամասկահայեր եւ հայկական հարցով հետաքրքրուողներ:

Գիրքի շնորհահանդէսը լուսաբանուեցաւ մամուլի զանազան ներկայացուցիչներու կողմէ:

Աւելցնենք, որ գիրքին մէջ դոկտ. Նորա Արիսեան հանգամանօրէն անդրադարձած է Տէր Զօրի մէջ հայերու ներկայութեան, համայնքի կազմութեան, եկեղեցական եւ ընկերային կեանքի հոլովոյթին եւ այլն` յենելով սուրիական ուսումնասիրական նիւթերուն վրայ: