Արժանթինի նախագահը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Հայերուն

Արժանթինի նախագահ Քրիստոնեայ Քիրչնըր հանդիպած է Արժանթինի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի իր համերաշխութիւնը յայտնէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին:
Հանդիպումին մասնակցած են Արժանթինի արդարադատութեան նախարար Խուլիօ Ալաքը, Հայ եկեղեցւոյ Արժանթինի թեմի ներկայացուցիչ արքեպիսկոպոս Գիսակ Մուրատեանը, գործարար Էդուարտօ Էրնէկեանը, արդարադատութեան նախկին նախարար Լէոն Արսլանեանը եւ Դանիէլ Սթամպուլեանը:
Յիշեցնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Հռոմի Պապի յայտարարութենէն ետք, Թուրքիոյ եւրոպական հարցերով նախարար Վոլքան Պոզքըրը ոչ միայն քննադատած էր Արժանթինը, այլեւ վիրաւորած բոլոր արժանթինցիները: Ան յայտարարած էր, որ ընդհանուր առմամբ արժանթինցիներուն ուղեղները լուացած են իրենց միջավայրին մէջ գտնուող հարուստ ու ազդեցիկ հայերը:
Պոզքըրը սկիզբը լրագրողներուն յիշեցուցած էր, որ Ֆրանսիս կամ Խորխէ Մարիօ Պերկալէօն, որ ծնած է 1936-ին Պուէնոս Այրես, «արժանթինցի» է, այնուհետեւ ակնարկած էր, որ այդ երկիրը ունի իր մութ անցեալը: «Արժանթինը երկիր մըն է, որ գրկաբաց ընդունած է Հոլոքոսթի յայտնի յանցագործները, նացիստ դահիճները»,-ըսած էր թուրք նախարարը: