Լոնտոնաբնակ դոկտոր Վրէժ Ներսէսեան Մատենադարանին արժէքաւոր ձեռագիրներ նուիրաբերած է

ՀՀ ԳԱԱ պատուաւոր դոկտոր, լոնտոնաբնակ Վրէժ (Տէր Ներսէս աւագ քահանայ) Ներսէսեան, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին նուիրաբերած է 17-18-րդ դարերու եթովպական 4 ձեռագիր (Աւետարան, Ճառեր, Քարոզներ): Այս մասին կը տեղեկանանք Մատենադարանի դիմատետրի էջէն։

Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան երախտագիտութիւն յայտնած է վաստակաշատ հայագէտին՝ Մատենադարանի ձեռագրական հաւաքածուն համալրելու համար:

Տէր Ներսէս աւագ քահանայ Ներսէսեանին՝ Լոնտոնի համալսարանի «Հէյտրոպ»-ի քոլէճը 2017-ին շնորհած է աստուածաբանութեան դոկտորի կոչում: Վրէժ Ներսէսեան երկար տարիներ (1975-2012թթ.) եղած է Բրիտանական գրադարանի Քրիստոնէական Մերձաւոր Արեւելքի բաժինի պատասխանատուն: