Քորսիքայի խորհրդարանը թուրքիայէն կը պահանջէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Քորսիքայի խորհրդարանը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ճանչցող բանաձեւ մը, որուն բնագիրը պիտի ուղարկուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ Թուրքիոյ կառավարութիւն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը` վկայակոչելով AFP-­ն, բանաձեւի նախագիծին հեղինակը «Femu A Corsica» քաղաքական համաձայնութեան ներկայացուցիչ Ժան Պեանքուչչին է:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ 1915 թուականի Ապրիլ 24-­ին երիտթուրքերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի կոտորածներ սկսած են, ինչ որ յանգեցուցած է իրենց հայրենիքէն 1.5 միլիոն հայերու բնաջնջման: «Քորսիքայի ժողովուրդը, պաշտօնատար անձիք պէտք է իրենց ներդրումը ունենան հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուած այդ յանցագործութեան գիտակցման եւ ճանաչման գործին»,-­ նշուած է բանաձեւին մէջ: Ատով Քորսիքայի խորհրդարանը կը պահանջէ, որպէսզի Թուրքիա ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ներդաշնակ յարաբերութիւններ հաստատէ Հայաստանի հետ: