ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ յայտարարութեամբ հանդէս եկած.
«Հարիւր տարի առաջ Օսմանեան իշխանութիւնները սկսան հայ համայնքի վրայ իրենց ծրագրած յարձակումը: Անթիւ-անհամար մարդոց դաժան, կանոնաւոր սպանդը, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը նախադէպ հանդիսացան 20-րդ դարի այլ ցեղասպանութիւններու համար: Տեղի ունեցած վայրագութիւններուն մեղքը քաւելու անհրաժեշտութիւնը առկայ է նոյնպիսի ուժով, ինչպէս որ կար 1915-ին: Մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակուած տղամարդ, կին ու երեխայ ճանաչում կը պահանջեն»,- ըսած է Ռոյսը:
Յանձնաժողովի նախագահը կոչ ըրած է ԱՄՆ-ի ղեկավար Պարաք Օպամային «ճանչնալու սարսափելի այդ դէպքերը որպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն»: Ռոյսը դիմած է նաեւ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն, որպէսզի «անոնք առերեսուին իրենց պատմութեան այդ մութ էջին ու յանուն տարածաշրջանային կայունութեան` բարելաւեն յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ»: