Իսրայէլցիներու նախաձեռնող խումբը ստորագրահաւաք սկսած է` կոչ ընելով Թել Աւիւին պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Պահանջագիրը կազմուած է երեք լեզուով. անգլերէն, եփրայերէն եւ ռուսերէն: PanARMENIAN.Net հաղորդմամբ, պահանջագիրին մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի.
«Ցեղասպանութեան փաստը նոյնիսկ փոքր կասկածի տեղ չի ձգեր, աւելին, նոյնինքն իսրայէլցի գիտնականները առաջինը սկսած են այն ուսումնասիրել: Նոյնիսկ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը շրջանառութեան մէջ դրած է հրեայ Ռաֆայէլ Լեմքինը` բնորոշելու համար հայերու զանգուածային կոտորածը Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ հրեաներու ջարդերը նացիստական Գերմանիոյ կողմէ գրաւուած տարածքներուն մէջ»:
«Առաւել եւս վիրաւորական է եւ նոյնիսկ խայտառակութիւն է տեսնել, որ Իսրայէլի Քնեսէթն ու ԱԳՆ-ը ունակ չեն ճանչնալու Ցեղասպանութեան փաստը, իբր, ի շահ Թուրքիոյ հետ բարեկամական յարաբերութիւններու:
«Աշխարհի 23 երկիր արդէն ըրած է այդ քայլը: Ժամանակն է, որ Իսրայէլը եւս 1,5 մլն հայերու սպանդը պաշտօնապէս ցեղասպանութիւն ճանչնայ: 2015-ի Ապրիլին կը լրանայ այդ սոսկալի իրադարձութիւններու 100-րդ տարելիցը: Արդարութիւնը վերականգնելը երբեք ուշ չէ», – կ’ըսուի պահանջագիրին մէջ: