Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կլիմայի փոփոխութեան եւ շրջակայ միջավայրի նախարարութեան եւ ՀՀ ԳՆ սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութեան միջեւ տեւական ժամանակ բանակցութիւններ կը վարուէին Հայաստանէն ԱՄԷ միս-մսամթերքի արտահանման շուրջ:
ՀՀ ԳՆ սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ երկու երկիրներու պատկան մարմինները արդէն հաստատեած են «Հայաստանի Հանրապետութենէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ միսի եւ մսամթերքի արտահանման առողջութեան վկայագիրը»:
Այս փաստը ոչ միայն պիտի խթանէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան աճը, այլեւ պիտի նպաստէ երկկողմ գործարար կապերու ամրացման ու փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման: