«Կոմիտաս փառատօն»-ի ծիրէն ներս՝ հերթական անգամ՝ պիտի կայանայ հոգեւոր երաժշտութեան համերգ՝ նուիրուած Կոմիտասի ծննդեան 149-ամեակին:
«Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբին տեղեկութիւններով՝ համերգը տեղի պիտի ունենայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ, Հառիճավանքին մէջ, Սեպտեմբեր 26-ին, ժամը 14:00-ին:
Փառատօնը հնարաւորութիւն պիտի տայ հոյակերտ կոթողի մը մէջ, ուր ստեղծագործած է Կոմիտաս, ունկնդրելու հայ եւ համաշխարհային հոգեւոր երաժշտութեան բարձրարժէք նմոյշներ՝ Աննա Մայիլեանի, «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ» երգչախումբի, «Զանգեր» նուագախումբի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գիւմրիի հայորդեաց տան եւ Արթիկի Դանիէլ Ղազարեանի անուան դպրոցի երգչախումբերուն կատարումով:
Համերգին ներկայ գտնուիլ ուզողներուն համար՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի տրամադրէ անվճար հանրակառքեր: