88 Միլիոն տոլարի ներդրումով Երեւանի մէջ ջերմոց պիտի հիմնուի

Երեւան համայնքի սեփականութիւն հանդիսացող Նորագաւիթ թաղամասի ամայացած 60 հեքթար հողամասին վրայ շուրջ 88 միլիոն տոլարի ներդրումներու հաշուոյն՝ մինչեւ 2020 թուական ջերմոց պիտի կառուցուի: Այս մասին նշուած է կառավարութեան 20 Սեպտեմբերի նիստին քննարկուելիք որոշումի նախագիծին մէջ, կը հաղորդէ panarmenian-ը:

Կառուցուելիք կիսափակ ջերմատնային համալիրը հնարաւորութիւն կու տայ ստեղծելու առաւել քան 700 մշտական աշխատատեղ:

Ներդրումային ծրագիրը պիտի իրականացնէ «Արմսանպրոդակտ» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւնը: