2018 Յունուար-Օգոստոսին, Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշին աճը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ կազմած է 7.7 տոկոս:
ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան տրամադրած տուեալներուն համաձայն՝ արդիւնաբերական արտադրանքին ծաւալը աճած է 4.4 տոկոսով, շինարարութեան ծաւալը՝ 8.5, առեւտուրի շրջանառութեան ծաւալը՝ 9.7 տոկոսով: Զգալի աճ արձանագրուած է ծառայութիւններու ոլորտէն ներս՝ կազմելով 18.9 տոկոս: Քիչ չափով նուազում կը նկատուի գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս. մասնաւորապէս, գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքին ծաւալը 2017 Յունուար-Օգոստոսի համեմատ նուազած է 1 տոկոսով:
Ելեկտրականութեան արտադրութեան ոլորտէն ներս՝ 2018 Յունուար-Օգոստոսի ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 1.3 տոկոսով, սպառողական գիներու հաշիւին ցուցանիշը աճած է 2.5 տոկոսով:
2018 Յունուար-Օգոստոսին Հայաստանի մէջ միջին ամսական անուանական աշխատավարձը կազմած է 168,467 դրամ, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 3.7 տոկոսով: Պետական հիմնարկներու մէջ, միջին ամսական անուանական աշխատավարձը աճած է 1.8 տոկոսով, ոչ պետականինը՝ 3.7 տոկոսով:
Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալին աճը՝ ընթացիկ տարուան առաջին 8 ամիսներուն՝ կազմած է 26.4 տոկոս. մասնաւորապէս, արտահանումը՝ 16.5 տոկոս, ներմուծումը՝ 32 տոկոս:
Դրամի փոխարժէքը ԱՄՆ տիոլարին նկատմամբ 2018 Յունուար-Օգոստոսին կազմած է 482.01:
Բոլոր բացարձակ ցուցանիշները ներկայացուած են ընթացիկ գիներով: