ԱՄՆ Ֆրանքլին Լէյքս Աւանը Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւ Ընդունած Է

ԱՄՆ Նիւ Ճըրսի նահանգի Ֆրանքլին Լէյքս աւանի խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով բանաձեւ մը ընդունած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ News.am-ը՝ վկայակոչելով NorthJersey.com-ը:
Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը նշելու գաղափարը քաղաքային խորհուրդի նիստին ներկայացուցած էր Ժոզէֆ Պասրեալեանը: Ան նշած է, որ աւանի մէջ կը բնակի 50 հայ ընտանիք, որոնք բոլորը կ՛ընդունին այդ տարելիցի կարեւորութիւնը: «Աշխարհի մէջ չկայ հայ մը, որ այս կամ այն կերպ տուժած չըլլայ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին իրականացուած սարսափելի չարագործութենէն»,- նշած է ան:
Բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի, որ այդ Ցեղասպանութիւնը յայտնի է իբրեւ 20-րդ դարու ամբողջ ազգի մը բնաջնջման առաջին փորձ, որ յանգեցուցած է Փոքր Ասիոյ իրենց հողերուն վրայ 1.5 միլիոն հայերու մահուան եւ օսմանեան ու թրքական իշխանութիւններու կողմէ իրականացուող բռնագաղթին:
«Ամերիկայի ազատութիւնը հաշուի առնելով` հայերը հաստատուեցան այստեղ եւ ընտանիքներ կազմեցին, դաստիարակեցին երեխաներ, թոռներ, ծոռներ տարբեր համայնքներու մէջ, ինչպէս՝ Ֆրանքլին Լէյքսի:  Վերապրածներն ու անոնց սերունդները, գնահատելով մեր հզօր ազգի տրամադրած հնարաւորութիւնները, կը զարգանան տարբեր մասնագիտութիւններու եւ ղեկավար պաշտօններու մէջ»,- ըսուած է բանաձեւին մէջ: