«Կոմիտաս» միջազգային գիտաժողով-փառատօնին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի ազգային ակադեմիական երգչախումբին համերգով՝ խմբավար Չէքիճեանի գլխաւորութեամբ։ Կազմակերպիչները նման բացումը միանգամայն օրինաչափ համարեցին:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ գիտաժողով-փառատօնին սկիզբը տրուեցաւ Սեպտեմբեր 26-ին՝ Վարդապետի ծննդեան օրը, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ:
«Շատ կարեւոր կը համարեմ Կոմիտասի անունը կրող այս փառատօնը: Խորհրդանշական է, որ անիկա կը սկսի Վարդապետի ծննդեան օրը: Այս տարի որոշեցինք փառատօնը սկսիլ Հայաստանի ազգային ակադեմիական երգչախումբի համերգով ՝ խմբավար Չէքիճեանի ղեկավարութեամբ: Փառատօնին էութիւնը խորհրդանշական է անով, որ, առհասարակ, այս տարի պիտի ըլլան երգչախմբային եւ գործիքային, յատկապէս դաշնամուրային գործեր»,- նշեց գիտաժողով-փառատօնի կազմակերպիչ Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարանի տնօրէն Նիկոլայ Կոստանդեան եւ աւելցուց՝ փառատօնը եւս մէկ առիթ է՝ ներկայացնելու Կոմիտասի արուեստը հանրութեան ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ արտերկրի մէջ:
Այս փառատօնին շնորհիւ կը ներկայացուի մեր մշակոյթը, նաեւ եւրոպական մշակոյթը՝ մասնաւորապէս 20-րդ դարասկիզբի:
Կոստանդեան նկատեց՝ տարուէ տարի միանշանակ նաեւ թանգարանի միջոցով կը մեծնայ փառատօնին ճանաչելիութիւնը՝ յատկապէս երիտասարդութեան մէջ: Կ՝աշխուժանայ նաեւ օտարերկրացիներու մէջ ճանաչելիութիւնը, որ նաեւ այցելուներ կը բերէ Հայաստան: Համերգը հնարաւորութիւն կու տայ՝ երաժշտութեան միջոցով ներկայացնելու մեր բազմադարեայ մշակութային ժառանգութիւնը:
Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Մհեր Նաւոյեան նշեց՝ փառատօնը նոյնինքն այս համերգով, խմբավար Չէքիճեանի գլխաւորութեամբ սկսիլը կարեւոր է այն չափով, որքան Հայաստանի ազգային ակադեմիական երգչախումբին վաստակն է Կոմիտասի արուեստի հանրահռչակման գործին: «Օրինաչափ է, որ փառատօնը կը բանայ ակադեմիական երգչախումբը՝ իբրեւ խմբավար Չէքիճեանի վաստակի վաւերացում այս բնագաւառէն ներս»,- ընդգծեց Նաւոյեան:
Անոր կարծիքով՝ Կոմիտասի ներկայութիւնը մեր մշակութային դաշտէն ներս ամէնուր է: «Սակայն, իրեն նուիրուած, իր անունով երաժշտական փառատօնը խորհրդանշական է, նաեւ՝ կարեւոր այն իմաստով, որ իր ետեւէն ամբողջ մշակոյթ մը պիտի թիրախաւորուած քալէ»,- նկատեց Նաւոյեան:
Փառատօնի բացման համերգին հնչեցին Կոմիտասի «Ել, ել», «Գութանի երգ», «Կալի երգ», «Լուսնակը սարի տակին, «Անձրեւն եկաւ» եւ այլ ստեղծագործութիւններ: Հնչեց նաեւ Ճուզեփէ Վերտիի Գերիների խմբերգը «Նապուքօ» օփերայէն, Եան Ֆրենքելի «Կռունկներ»-ը եւ այլ հռչակաւոր գործեր:
Նշենք, որ «Կոմիտաս» միջազգային փառատօնի համերգային մասով ներկայացուած է չորս երկիր: Մասնակիցներ պիտի ըլլան Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Պոլիվիայէն եւ Ճափոնէն։ Կան մասնակիցներ, որոնք պիտի ներկայացնեն տարբեր ծրագիրներ՝ նաեւ հայ երգահաններէ: Իսկ Սեպտեմբեր 28-ին, Փարիզի Սորպոնի համալսարանի մեծ դահլիճին մէջ պիտի իրականացուի «Կոմիտաս. աւանդականի եւ ժամանակակիցի խաչմերուկուն վրայ» միջազգային գիտաժողովը՝ բարեկամ Ֆրանսայի, ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան, Փարիզի ակադեմիայի եւ Համալսարաններու ընկերակցութեան հետ կազմակերպուած: Գիտաժողովին ներգրաւուած է 6 երկիր՝ Հայաստանը, Ֆրանսան, Իտալիան, Արժանթինը, Նիտըրլանտները եւ Ռուսիան: Անոնք մէկ յարկի տակ պիտի հաւաքուին՝ տարբեր հարցերու քննարկման համար:
Փառատօնին ծիրէն ներս՝ Հայաստան ժամանած են դաշնակահարներ Գէյ Սաոթոմէն՝ Ճափոնէն եւ Սերխիօ Էսկալերան Պոլիվիայէն: Գիտաժողով-փառատօնի առանձնայատուկ ձեռնարկներէն է Կոմիտասի «Պատարագ»-ի կատարումը Հառիճավանքի մէջ՝ «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբի արական կազմին մասնակցութեամբ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 7-ին:
Միջազգային գիտաժողով-փառատօնը պիտի եզրափակուի Հոկտեմբեր 8-ին, ժամը 16-00-ին, Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարանին մէջ՝ Հայաստանի մանկական երգչախումբին համերգով: