Նախկին Իսթանպուլահայ, ներկայիս Ֆրանսաբնակ բարերար եղբայրներ՝ Հրաչ Անուշաւան Գըրմըզեան եւ Յակոբ Գըրմըզեան, որոնք ծնունդով Սկիւտարցի եղած են, գաղափարն ունեցան իրենց նախնիքներու յիշատակին, բարեզարդել Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ անցեալի մեր մեծանուն անձերուն գերեզմանները։ Երկու տարի առաջ անոնք հիմնովին բարենորոգեցին, գեղատեսիլ եւ ներկայանալի վիճակի բերին Պալեաններու շիրիմները, որոնց բացումը կատարուեցաւ պատշաճ շուքով։ Իսկ անցեալ տարի նոյն աշխատանքը տարին Պետրոս Դուրեանի համար, որուն եւս բարենորոգուած դամբարանի բացումը կատարուեցաւ։ Իսկ այս տարի դարձեալ միեւնոյն բարերարներու նիւթական օժանդակութեամբ, նաեւ Սկիւտարի քաղաքապետութեան բարեհաճ արտօնութեամբ եւ բարոյական օգնութեամբ, բարեզարդուեցաւ եւ բարեկարգ վիճակի բերուեցաւ վաղամեռիկ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի դամբարանը, որուն կիսանդրին շինուած է նշանաւոր արձանագործ Էրօլ Սարաֆեանի կողմէ։
Ինչպէս ծանօթ է, բարենորոգումի բոլոր այս աշխատանքները կը կատարուին Իսթանպուլահայ Ճարտարագէտներու եւ Ճարտարապետներու միութեան՝ ¤ՀԱՅՃԱՐ)ի կողմէ, որուն կը գլխաւորեն ճարտարագէտներ՝ Գէորգ Էօզգարակէօզ, Դաւիթ Այնալը եւ Ժան Կավրիլօֆ ու ճարտարապետ՝ Նազար Պինաթլը։
Մատթէոս Զարիֆեանի դամբարանի յատակագիծը քանի մը ծրագիրներու մէջէն ընտրուած ու պատրաստուած է ճարտարագէտ Դաւիթ Այնալըի կողմէ։ Անոր բացումը պիտի կատարուի Շաբաթ, 6 Հոկտեմբերի առաւօտուն։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»