Ընթացիկ տարուան Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն ընթացքին՝ Արցախ Հանրապետութեան պետական պիւտճէ մուտքագրուած հարկային եկամուտները եւ տուրքերը կազմած են 39 միլիառ 935 միլիոն 400 հազար դրամ՝ ծրագրաւորուած 36 միլիառ 900 հազար դրամ ցուցանիշը գերազանցելով 8.2 %-ով կամ 3 միլիառ 35 միլիոն 400 հազար դրամով:
Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱՀ ելեւմտական նախարարութենէն՝ նշելով, որ նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշը գերազանցած են 52.3 %-ով կամ 13 միլիառ 719 միլիոն դրամով:
Ըստ աղբիւրին՝ աւելի հաւաքագրուած գումարէն 10 միլիառ 314 միլիոն դրամը պայմանաւորուած է «Բէյզ Մեթըլս» ՓԲԸ-ի կողմէ վճարուած հարկային եկամուտներուն աճով, իսկ 3 միլիառ 405 միլիոն դրամը ապահովուած է Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած տնտեսական աճին եւ հարկային մարմինին կողմէ իրականացուած հետեւողական վարչարարութեան իբրեւ արդիւնք:
Ի դէպ, ծրագրային առաջադրանքները գերակատարուած են բոլոր եկամտատեսակներու գծով եւ կատարուած հարկ վճարողներուն սպասարկող բոլոր ստորաբաժանումներուն կողմէ: