ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ապրիլ 24-ի նախօրէին ցոյց տա´լ մշակութային մեր արժէքները. այս էր այդ
օրուան խորհուրդը։ Երաժշտութեան մէջ, յետ եղեռնեան տարիներուն, այդ
մեծագոյն երաժիշտը անշուշտ որ պիտի ըլլար Արամ Խաչատուրեանը (1903-
1978)։ Անոր մեծութիւնը չսահմանափակուեցաւ հայութեան շրջանակէն ներս
միայն, այլ ան արդէն մեծագոյն յօրինողներէն մին նկատուեցաւ բովանդակ
Խորհրդային Միութեան երաժշտական աշխարհէն ներս եւ անկասկած
քաջածանօթ հեղինակութիւն մը` աշխարհի բեմերուն վրայ։
Ապրիլ 19, 2015, Կիրակի օր Մենհեթըն Երաժշտական Դպրոցի «Կրինֆիլտ»
սրահը լեցուն էր որքան հայ երաժշտութեան երկրպագուներով, նոյնքա´ն ալ`
օտարներով ու դաշնակահարուհիին ուսանողներով, որոնք եկած էին լսելու
Խաչատուրեանի գործերը, բայց նաեւ` ունկնդրելու Կարինէ Պօղոսեանի
դաշնակով հրամցուցած մեկնաբանութիւնը։
Կարինէն արդէն ինքզինք պարտադրած անուն մը դարձած է Նիւ Եորքի
երաժշտական կեանքէն ներս։ Անոր այլազան համերգները, տարուէ տարի,
յաւելեալ որակ մը կ’աւելցնեն արուեստագիտուհիին այլապէս հարուստ
համերգային յայտագիրներուն վրայ։ Յաճախ գրած ենք իր ելոյթներուն մասին,
տալով` կենսագրական իր գիծերը։ Երեւան ծնած ու յաճախած Կոմիտասի
անուան երաժշտանոցը արժանացած է մրցանակներու եւ կրթաթոշակներու եւ
կրցած է իր բարձրագոյն ուսումը շարունակել Ամերիկայի զանազան մեծ
ոստաններու երաժշտական դպրոցներու մէջ, արժանանալով նոր
պարգեւներու։ Արդէն դաշնակի ուսուցչուհի է նոյն այդ վարժարանէն ներս։
Յայտագիրը սկսաւ Դպրոցի տնօրէնին` Դոկտ. Ճէյմզ Կենտըրի բացման
խօսքով ու ապա ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութեան
դիւանագէտներէն Տիգրան Սամուէլեան ծանրացաւ խորհրդահայ երաժիշտ
Արամ Խաչատրեանի կեանքին ու գործին մասին։ Ան մասնաւորապէս յիշեց
Խորհրդային Հայաստանի քայլերգին Խաչատուրեանի հեղինակութեան մասին,
շեշտելով թէ ան մեծապէս սիրուեցաւ ու ընդունուեցաւ այդ համայն հայութեան
կողմէ, որպէս լուրջ ստեղծագործութիւն մը վայել մեր մշակութային վարկին։
Կարինէին կողմէ Ներկայացուած յայտագիրը ունէր երկու բաժին. առաջինով`
ան ներկայացուց հեղինակին Սփարթաքուս պալէտէն Ատաժիօն, ապա`
Բանաստեղծութիւն գողտրիկ կտորը մը դաշնակի համար յօրինուած (1927),
երկու կտոր դաշնակի մենանուագի` Վալս Գափրիս եւ Թանզ, ապա`
Մասքըրատէն (1944) Նոքթիւրն եւ Ռոմանս եւ վերջապէս ծանօթ Թոքաթան։
(1932)։
Յայտագրին երկրորդ բաժինով Կարինէն հանդէս եկաւ ծանօթ Գայանէի
Օրօրով եւ վերջապէս շատ յայտնի դաշնակի Սոնաթայով (1961) Allegro vivace,
Andante tranquillo, Allegro assai։ Կարինէի մեկնաբանութիւնը առաջին պահէն
դրոշմեց հանդիսատեսին եւ գրաւեց ամբողջական ուշադրութիւնը։ Դժուարին
ստեղծագործութիւն մը, որ լաւագոյնս տրուեցաւ դաշնակահարուհիին կողմէ։
Ցեղասպանութեան դարադարձի նախամուտին այս յայտագիրը նուէրն էր իր
ամբողջական Խաչատուրեանի յայտագրով, ցոյց տալու երաժշտական
աշխարհին թէ կը մնայ մնայուն մեծութիւնը տաղանդին, հակառակ այդ ծանր
արհաւիրքին։ Կոմիտասով կը ներշնչուինք եւ Խաչատուրեանով կը
հպարտանանք։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ