Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր ամսուն ՀՀ երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը ընդհանուր կազմած է 278 719 մարդ` 2017 թուականի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 9.3 տոկոսով: Ըստ «Արմենպրես»-ի՝ «Արմենիա Միջազգային Օդակայաններ» ընկերութենէն կը տեղեկացնեն, որ 2018-ի Սեպտեմբերին, 2017-ի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ «Զուարթնոց»-ի մէջ ուղեւորահոսքը աւելցած է 7.1 տոկոսով.
Եթէ 2017-ի Սեպտեմբերին «Զուարթնոց» օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած է 245 363 ուղեւոր, ապա 2018-ի Սեպտեմբերի ցուցանիշը կը կազմէ 262 815 ուղեւոր:
2018 թուականի Սեպտեմբեր ամսուն Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 15 904 մարդ: 2017 թուականի նոյն ամսուան 9 646 ուղեւորահոսքի համեմատ աճը կազմած է 65 տոկոս:
Տարեսկիզբէն Հայաստանի Հանրապետութեան երկու օդակայաններուն ուղեւորահոսքը կազմած է 2 151 718 մարդ, որ 11.9 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ամիսներու ցուցանիշէն:
«Զուարթնոց” եւ «Շիրակ” օդակայաններուն մէջ 2018 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, 9.9 տոկոսով աճած են նաեւ թռիչք- վայրէջքները: