Ապրիլ 25-ին Գահիրէի Գալուստեան – Նուպարեան ազգային վարժարանի «Արցախ» երգչախումբը յաղթանակ տարած է Եգիպտոսի դպրոցական տաղանդներու ամենամեծ մրցոյթին` Uptown Stars Schools’ Talent Show-ին` գրաւելով առաջին տեղը: Մրցոյթին կը մասնակցէին 35 դպրոցներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն այսօրը»-ը:
Մրցոյթի եզրափակիչ փուլ անցած են 300 համարներէ 35-ը, որոնցմէ 5-ը կը ներկայացնէին Գալուստեան–Նուպարեան ազգային վարժարանը:
«Արցախ» երգչախումբը ներկայացուցած է Կոմիտասի «Էսօր Ուրբաթ Է», «Երեւան Բաղ եմ Արել» եւ Տալիտայի «Ահսան Նաս» (արաբերէն) երգերը: Մրցոյթի աւարտին ժիւրիի որոշմամբ յաղթած է «Արցախ» երգչախումբը` մէկ անգամ եւս հնչեցնելով Հայաստան անունը եւ ծածանելով մեր Եռագոյնը: Այս ամէնով փաստուեցաւ, որ նոյնիսկ 100 տարի անց հայերը կը շարունակեն ապրիլ եւ գոյատեւել` Սփիւռքի մէջ բարձր պահելով հայու անունը:
Ամենամեայ այս մրցոյթը երրորդ անգամ կ’իրականացուի եւ հարկ է նշել, որ հազարաւոր աշակերտներ ունեցող միջազգային հեղինակաւոր դպրոցներուն հետ մրցող Գահիրէի միակ հայկական դպրոցը, որ մօտ 120 աշակերտ ունի, արդէն երկրորդ անգամն է, որ կ’արժանանայ յաղթականի դափնեպսակին:
Նշենք նաեւ, որ «Արցախ» երգչախումբի ղեկավարը Միհրան Ղազելեանն է: