Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին (WEF) կողմէ հրապարակուած Համաշխարհային մրցունակութեան (Global Competitiveness Index, Armenia) 2018-ի վարկանիշային աղիւսակին մէջ Հայաստան աշխարհի 140 երկիրներու շարքին զբաղեցուցած է 70-րդ տեղը` նախորդ տարուան համեմատ իր դիրքը բարելաւելով 2 կէտով:
Ինչպէս կը յայտնէ «Արմենփրես»-ը, մրցունակութեան աղիւսակը 85.6 միաւորով կը գլխաւորէ ԱՄՆ-ն, որուն կը յաջորդեն Սինկափուրը` 83.5 միաւոր եւ Գերմանիան` 82.8 միաւոր, 4-րդը՝ Զուիցերիան` 82.6, 5-րդը` Ճափոնը` 82.5 միաւոր:
Մրցունակութիւնը կը գնահատուի 12 հիմնական չափանիշներու վերլուծութեան հիման վրայ` պետութեան կառոյցներու, ենթակառուցուածքներու, մաքրոտնտեսական միջավայրի, առողջապահութեան, կրթութեան ոլորտներու ցուցանիշներու, ապրանքներու շուկայի, աշխատաշուկայի արդիւնաւէտութեան, ֆինանսական շուկայի զարգացման, արհեստագիտութեան պատրաստութեան, շուկայի ծաւալներու: Նշուած 12 ուղղութիւններէն 11-ին մէջ Հայաստան յառաջընթաց արձանագրած է:
Նշանակալի յառաջընթաց նկատուած է արհեստագիտութեան պատրաստուածութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, ապրանքներու շուկայի, աշխատաշուկայի արդիւնաւէտութեան եւ նորարարական կարողութիւններու մակարդակները բնութագրող ցուցանիշներու մասով:
Յետընթաց արձանագրուած է միայն մաքրոտնտեսական վիճակը բնութագրող ցուցանիշներու ուղղութեամբ: Անցեալ տարի Հայաստանի մաքրոտնտեսական միջավայրը գնահատուած էր 74.6 միաւոր, իսկ այս տարի` 72.4 միաւոր, եւ ատով վարկանիշային աղիւսակին մէջ Հայաստանի տնտեսութիւնը գրաւած 84-րդ տեղը:
Հակառակ այն հանգամանքին, որ Մրցունակութեան համաշխարհային ցուցակին մէջ Հայաստան այս տարի բարելաւած է դիրքերը, այդուամենայնիւ դեռ կը շարունակէ ետ մնալ տարածաշրջանի երկիրներէն։ Մասնաւորապէս Ատրպէյճան աղիւսակին մէ կը զբաղեցնէ 69-րդ տեղը, իսկ Վրաստան 66-րդ տեղը: Տարածաշրջանի նշուած երկու երկիրները յետընթաց ունեցած են նախորդ տարուան համեմատ: