ՀՀ կառավարութիւնը արտօնութիւն տուաւ նոր ներդրումային ծրագիրին, որուն շնորհիւ 27 աշխատատեղ պիտի ստեղծուի

ՀՀ կառավարութիւնը բաւարարեց «ԵՈՒՆԻՎԸՐՍԸԼ ՔԼՈԶՐՍ» ՍՊԸ-ի յայտը՝ գերակայ ոլորտին մէջ իրականացուող ներդրումային ծրագիրին ծիրէն ներս ներմուծուած արհեստագիտական սարքերը, անոնց բաղկացուցիչ ու համալրող մասերը, հումքը եւ նիւթերը ներմուծման մաքսատուրքէն ազատման արտօնութենէն օգտուելու համար: Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նորանշանակ նախարար Տիգրան Խաչատրեան նշեց, որ ընկերութեան կողմէ ներմուծուող ապրանքները պիտի օգտագործուին պաղլեղածինէ (aluminium) կափարիչներու արտադրութեան մէջ, որ կ՝օգտագործուի յատկապէս խմելու ջուրի եւ հանքային ջուրի արտադրութեան մէջ։ «Ներմուծուող ապրանքները չեն ներմուծուիր ԵՏՄ անդամ-երկիրներէն, քանի որ չեն բաւարարեր ընկերութեան արհեստագիտական պահանջներուն։ Ընկերութիւնը կը գործէ 6-7 ամիս, տեղակայուած է Կոտայքի մարզին մէջ: Ծրագիրին ծիրէն ներս կը նախատեսուի իրականացնել 2,8 միլիառ դրամի ներդրում: Կը նախատեսուի, որ պիտի ստեղծուի 27 աշխատատեղ՝ միջինը 245 հազար դրամ աշխատավարձով»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ըսած է նախարարի պաշտօնակատարը:

Ըստ անոր, ծրագիրով նախատեսուած արտադրանքին ընդհանուր ծաւալը պիտի կազմէ մօտ 1,7 միլիառ դրամ, որմէ 750 միլիոն դրամի արտադրանքը պիտի իրացուի Հայաստանի մէջ, 480 միլիոն դրամի արտադրանքը պիտի արտահանուի ՌԴ, իսկ մնացեալը՝ Վրաստան: Մաքսատուրքէ ազատման գումարը պիտի կազմէ մօտ 37 միլիոն դրամ:

Արտօնութեան առկայութիւնը լուրջ խթան պիտի հանդիսանայ նոր ներդրումային ծրագիրներու իրականացման եւ իբրեւ հետեւանք նոր աշխատատեղերու ստեղծման, ներդրումներու ներգրաւման, տեղական արտադրութեան եւ արտահանման խթանման համար: