ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ «ԵՒՐԱՍԻԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹ»ԻՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 100 ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան Տնտեսական Զարգացման եւ Ներդրումներու Նախարարութեան ու «Պիզնէս Արմենիա» հիմնադրամի աջակցութեամբ 22-24 Հոկտեմբեր 2018-ին Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ ԵՏՄ տարածաշրջանի մեծագոյն ամէնամեայ գործարար ձեռնարկը՝ «Եւրասիական շաբաթ» միջազգային ցուցահանդէսային համաժողովը։ «Եւրասիական շաբաթ»ը ուղղուած է ԵՏՄ գործարարներու միջեւ արդիւնաւէտ կապերու զարգացումին, երրորդ երկիրներու հետ առեւտրային յարաբերութիւններու խթանումին:
Երեւանի մէջ ընթացող «Եւրասիական Շաբաթ» միջազգային ցուցահանդէսային համաժողովին, որ արդէն երրորդ անգամն է, որ տեղի կ՛ունենայ, կը մասնակցի աւելի քան 100 ընկերութիւն:
Ցուցահանդէսի աջակից «Պիզնէս Արմենիա» հիմնադրամի գործարարներու աջակցութեան խումբի ղեկավար Հայկ Միրզոյեան «Արմէնփրէս»ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ արդիւնքները յայտնի կ’ըլլան ցուցահանդէսի աւարտէն ետք: «Այսօրուան այս ցուցահանդէսին մէջ միայն ազգային տաղաւարներու հինգ ոլորտներու մէջ 60-էն աւելի ընկերութիւններ ներգրաւուած են՝ Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Ղազախստանէն, Ղրղզստանէն, Պելառուսէն», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով նախորդ ցուցահանդէսներուն արձանագրած արդիւնքներուն՝ Միրզոյեան յայտնեց, որ հայկական ընկերութիւններէն մէկը մեծ պայմանագիր կնքած է Ռուսաստանի՝ ճշգրիտ ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ գործող ընկերութիւններէն մէկուն հետ:
«Ղազախստանի մէջ ալ ունինք դեղագործութեան ոլորտի շուրջ պայմանագիրներ: Բացի այդ, նաեւ «Պիզնէս Արմենիա»ի աջակցութեամբ որոշ հայկական արտադրողներ այս ձեւաչափէն դուրս եւս կը մասնակցին ցուցահանդէսին, հիմնականին, սնունդի արդիւնաբերութեան, խմիչքներու եւ գորգերու ոլորտին մէջ», ըսաւ ան:
«Պիզնէս Արմենիա» հիմնադրամի գործարարներու աջակցութեան խումբի ղեկավարը փաստեց, որ շարժը բաւականին աշխոյժ է: «Ցուցահանդէսի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած են նաեւ ընկերութիւններու հանդիպումերը առեւտրային ցանցերու հետ, ինչպէս ռուսական, այնպէս ալ հայկական: Ամփոփելէն ետք մենք արդէն որոշակի արդիւնքներ կ’արձանագրենք: Այս տարուան ցուցահանդէսի ուղղուածութիւնը հիմնականին դեղագործութիւնն էր, ճշգրիտ ճարտարագիտութիւնը, նորագործութիւնները, կենսական գիւղատնտեսութիւնը, ինչպէս նաեւ ոսկերչութիւնը», աւելցուց Հայկ Միրզոյեանը: