ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆԻ ՔԱՂԱՔԸ` ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԳՐՈՂԻ ԿԱԶՄԱԾ «ՈՒՐՈՒԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐ»ՈՒ ՇԱՐՔԻՆ ՄԷՋ

Բրիտանական «Տը Սան» կայքին մէջ Անապէլ Մըրֆին կը պատմէ, որ բրիտանացի գրող Քրիս Մքնապ հրատարակած է «Ուրուական Քաղաքներ» (Ghost Towns) վերնագիրով գիրք, որուն մէջ կը գրէ հրաբխային ժայթքումներու, երկրաշարժներու կամ միջուկային աղէտներու հետեւանքով ամայացած քաղաքներուն մասին: Անոնց շարքին է նաեւ Բագրատունեաց Հայաստանի մայրաքաղաք Անին` իր Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցիով:

Գիրքին մէջ տեղ գտած նկարներուն մէջ պատկերուած է այժմ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին կամ այն, ինչ որ տարիներու ընթացքին եղանակի ազդեցութենէն ետք պահպանուած է: կը յիշուի, որ եկեղեցւոյ կառուցումը աւարտած է 1035 թուականին, ապա պատմութեան ընթացքին քանի մը անգամ վերանորոգուած է: Սակայն 18-րդ դարու կէսերուն Սուրբ Ամենափրկիչն ու ամբողջ Անին ամայացած են:

Հեղինակին խօսքով` եկեղեցւոյ արեւելեան հատուածի ամբողջական կործանումը հաւանաբար տեղի ունեցած է 1957-ին: Տեղի բնակիչները կը յիշեն, որ այդ ժամանակ օր մը ուժգին փոթորիկ եղած է, որմէ ետք ուժեղ քարի հարուածի ձայն լսած են. երեւի ատի լքուած կառոյցին ձայնն էր:

Բացի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցիէն, հեղինակը կ’անդրադառնայ Անի քաղաքին եւ այնտեղի Տիգրան Հոնենց կամ Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ` որպէս հազուագիւտ ազդեցիկ կրօնական կառոյց: Կ’ըսուի, որ եկեղեցին կառուցուած է 13-րդ դարում Ախուրեանի կիրճի վերեւը: Ներսը կը գտնուին տպաւորիչ որմանկարներ` երկու հիմնական թեմաներով. Քրիստոսի կեանքը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կեանքը:

Հեղինակը կը գրէ, որ Անին հայկական աւերուած քաղաք է, որ այժմ կը գտնուի Թուրքիոյ Կարս նահանգին մէջ: Ան նաեւ կը յայտնէ, որ Անին հիմնադրուած է 5-րդ դարուն եւ ծաղկում ապրելով` 10-րդ եւ 11-րդ դարերուն դարձած Բագրատունեաց Հայաստանի մայրաքաղաքը, որմէ ետք պատերազմներու եւ ժամանակի ազդեցութեամբ 17-րդ դարուն վերածուած է աւերակներու:

Անիէն բացի` գիրքին մէջ ներառուած ուրուական քաղաքներու շարքին են Աղտամը, Ապխազիոյ մէջ Պոլեանան, Տկուարչելին, Թուրքիոյ մէջ Քարաքոյ նախկին յունական գիւղը եւ շարք մը այլ վայրեր: Վերջաւորութեան անդրադարձ կը կատարուի Սուրիոյ Հոմս բնակավայրին, եւ պատկերներուն մէջ կ’երեւի ալ Խալիտիա շրջանի ներկայիս առկայ աւերածութիւնը: