500 դրամ անուանական արժէքով յոբելինական թղթադրամը միջազգային յաջողութիւն ունեցած է:
«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին Կեդրոնական դրամատան մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ըսած է ԿԴ գլխաւոր քարտուղար Դաւիթ Նահապետեան: «Այս տարի ան արժանացած է լաւագոյն տարածաշրջանային թղթադրամ տիտղոսին: Մենք յոյս ունինք, որ մեր երրորդ սերունդի թղթադրամները եւս մասնագէտներու գնահատականին կ’արժանան»,-ըսած է Նահապետեան:
«Նոյեան տապան» հաւաքորդական դրամը, կամ 500 դրամ անուանական արժէքով յոբելինական թղթադրամը շրջանառութեան մէջ դրուած է 2017-ի Նոյեմբեր 22-ին:
Թղթադրամը տպագրուած է Hybrid™ բարձրորակ բաղադրեալ հումքի վրայ, որ երկու կողմերէն փոլիէսթըրի բարակ շերտով պատուած բամբակէ թուղթ է:
Թղթադրամի դիմերեսին Նոյեան տապանի մասունքի պահարանի եւ Էջմիածինի վանքի պատկերներն են, յետին մասին մէջ կ’երեւի Արարատ լեռը:
Դարձերեսին` Նոյի ու անոր ընտանիքի անդամներուն, իսկ անոնց աջ ու ձախ կողմերուն մէջ տարբեր կենդանիներու ու թռչուններու պատկերներն են` Արարատ լերան համապատկերին վրայ: