Հայ ժամանակակից կամերային երաժշտութեան փառատօնի եզրափակիչ համերգին՝ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի կամերային կազմը (խմբավար՝ Ռուբէն Ասատրեան) հնչեցուցած է Ժիրայր Շահրիմանեանի, Աշոտ Բաբայեանի, Սուրէն Զաքարեանի, Նարինէ Զարիֆեանի եւ Արամ Սաթեանի ստեղծագործութիւնները: Բոլոր գործերը կը կատարուէին առաջին անգամ: Ըստ Armenpress.am-ի` համերգային երեկոն կայացած է Նոյեմբեր 20-ին, Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ:
«Փառատօնին ընթացքին իրականացաւ վեց համերգային ծրագիր, եւ հանդիսատեսի հետաքրքրութիւնը բաւական մեծ էր: Համերգները անցան լեփ-լեցուն դահլիճներու մէջ: Շուրջ յիսուն երաժշտահանի ստեղծագործութիւն հնչեց փառատօնին: Կային անդրանիկ ներկայացումներ, գործեր, որոնք նոր ձեւով մատուցուեցան»,- նշած է Երաժշտահաններու միութեան նախագահ Արամ Սաթեան:
Ան կարեւոր համարած է այն, որ, հակառակ ոչ այնքան բարենպաստ պայմաններուն, դժուարութիւններուն, ժամանակակից հայ երաժշտահանները կը ստեղծագործեն եւ կը բարձրացնեն հայ երաժշտական արուեստը:
Սաթեանի խօսքով՝ իրեն համար էական է, որ երաժշտահանները կարենան պատշաճ ներկայանալ աշխարհին: «Այսօր կը գրուին ստեղծագործութիւններ ոչ միայն մեր հանդիսատեսի, այլեւ այն երաժշտասէրներու համար, որոնք կ՝ապրին օտար երկիրներու մէջ: Այսինքն՝ մենք կը խօսինք համամարդկային լեզուով, եւ մերօրեայ գործերը մէկ անգամ եւս կ՝ապացուցեն, որ մենք միշտ ժամանակակից երաժշտութեան յառաջադէմը եղած ենք: Ապրին մեր հայ երաժշտահանները»,- ընդգծած է Արամ Սաթեան:
Համերգին, իբրեւ մենակատարներ հանդէս եկած են ալտահար Եանա Դարեանը, հոբոյահար Ռոպէրթ Աբրամեանը, կիթառահար Յակոբ Ջաղացպանեանը:
Հոկտեմբեր 22-ին մեկնարկած փառատօնը կ՝իրականացուէր Հայաստանի Երաժշտահաններու միութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: