ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ԳԻՐՔԸ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ Է ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ «ՌԸՆՈԹՕ» ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ

Ֆրանսայի հեղինակաւոր գրական մրցանակներէն մէկը՝ «Ռընոթօ»ն, շնորհուած է Վալերի Մանտոյի՝ պոլսահայ գրող, հրապարակախօս եւ լրագրող Հրանդ Տինքի կեանքը պատմող «Ակօսը» («Le Sillon») վէպին : Ասիկա հեղինակին երկրորդ գիրքն է, որ լոյս տեսած է Օգոստոս 2018-ին։

33-ամեայ գրողը մրցանակը ստացած է 7 Նոյեմբերին, Փարիզ։ Իր ելոյթին ընթացքին ան յայտնած է, որ հիացած է Հրանդի գաղափարախօսութեամբ եւ անոր մասին գիրք գրելու միտքը ծագած է Տինքի կենսագրութիւնը ընթերցելու պահուն։

«Տինքի քաղաքական դիրքորոշումը շատ հետաքրքրական էր։ Անոր նպատակը ոչ այնքան սեփական իրաւացիութիւնը ապացուցելն էր, որքան մարդոց առերեսումը՝ յանուն իրենց առաջընթացի ապահովման», յայտնած է Մանտօ։

Աւելցնենք, որ Վալերի Մանտօ ֆրանսական «Charile Hebdo» երգիծական ամսագիրի նախկին աշխատակից է։ Անոր գիրքին՝ գլխաւոր մրցանակին արժանանալը անակնկալ եղած  է, քանի որ ան եզրափակիչ անցած հինգ գիրքերուն ցանկին մէջ տեղ չէր գտած։