«Հայաւտոկայեան» ՓԲԸ-ն դրուած է մասնաւորեցման ծրագիրի մէջ, որ ՀՀ զբօսաշրջութեան, կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարարի պաշտօնակատար Յակոբ Արշակեան կը համարէ անընդունելի ռազմավարական սխալ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ժամանակ՝ ՀՀ զբօսաշրջութեան, կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարարի պաշտօնակատար Յակոբ Արշակեան ըսած է, որ ծրագիր եղած է սեփականաշնորհել «Կիլիկիա» կայանը, «Հիւսիսային» եւ «Սասունցի Դաւիթ» կայանները: «Հարցով գործընթացներ սկսած են, եւ կ՝աշխատին այն ուղղութեամբ, որ պետական գոյքի հաշուեկշիռէն բերեն պետական հաշուեկշիռ»,- ըսած է ան:
Արշակեան նշած է, որ կեդրոնական երթուղիներու երթուղային ցանց պիտի ստեղծուի ամբողջ Հայաստանի տարածքով, որ նաեւ ընդելուզուած պիտի ըլլայ Երեւանի քաղաքապետարանի քաղաքի կեդրոնացուած ցանցին: «Ձեւական կտրօններու հիմնարկը մենք պիտի վերացնենք: Նոյն վճարին դիմաց մեքենաները պիտի անցնին պատշաճ զննութիւն: Ղեկային եւ արգելակման համակարգերու հետ կապուած խնդիրներ պիտի չըլլան եւ այդ զննութեան կէտերուն մէջ պիտի փորձենք նաեւ կազմակերպել, որ հերթեր չգոյանան»,-աւելցուցած է ան:
Երկաթուղի մասով ալ նախարարի պաշտօնակատարը ըսած է, որ ռազմավարութիւն կը մշակուի միջազգային բեռնափոխադրումներու, ինչպէս նաեւ ներքին միջազգային ուղեւորափոխադրումներու մասով: «Սեւանի զարգացման ծրագիրին ծիրէն ներս եւս մէկ ելեկտրական, արդիականացուած արագընթաց գնացք պիտի ներդրուի, ինչպէս Երեւան-Գիւմրիի պարագային: Ատիկա պիտի դառնայ մեր զբօսաշրջութեան եւ Սեւանի զարգացման ծրագիրի հիմնական բաղկացուցիչ մասերէն մէկը»,- նշած է ան: