Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Կ’ակնկալեմ որ այս թուականին այսինքն Հայաստանի արտահերթ ընտրութիւններէն առաջ իսկ, այս վերնագիրը կարդացողները նուազագոյնը զարմանան եւ ուզեն որոշ հիւմուր փնտռել այս գրութեան մէջ:
Հաւատացէք սակայն թէ այնտեղ ոչ մէկ հիւմուր կայ, այլ Դեկտեմբերի 9-ի ընտրութիւններուն կապակցութեամբ, իմ կողմէ կատարուած լուրջ հաստատում մըն է այս:
Ընտրութիւններէն ետք, վստահաբար պիտի կատարուին բազմաթիւ վերլուծումներ եւ մեկնաբանութիւններ: Սակայն այդ բոլորէն առաջ, նկատի առնելով անցնող շաբաթներուն ընթացքին ընտրութիւններու մասին Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն եւ Ազգային Ժողովին բուռն առաջարկներուն եւ փոխառաջարկներուն, յաջող եւ ձախող քուէարկութիւններու փոթորկոտ տրաման, արդէն իսկ կը տեսնեմ որ պիտի կատարուին անփոփոխելի եւ անխուսափելի որակումներ այդ ընտրութիւններուն մասին:
Արդարև, ամբողջ մէկ տարուան պատրաստութեան ժամանակ ունենալու փոխարէն ընտրութիւնները կը կատարուին քանի մը շաբաթուան ժամանակամիջոցին: Կացութեան մասին պարզ հաստատում մըն է այս՝ առանց անդրադառնալու այդ կացութեան տուն տուող ընդունելի պատճառներուն:
Նոյնպէս, ընտրութիւնները կը կատարուին ըստ նախկին իշխանութեան ձեւաւորած «rating-ային» ընտրական ձեւին, փոխան թաւշեայ յեղափոխութեան խոստացած և հիմնական բարեփոխութեան ենթարկուելիք ընտրական օրէնքին: Ինչպէս ծանօթ է այս փոփոխութեան փորձը ձախողեցաւ եւ հետեւաբար ընտրութիւնները պիտի կատարուին սովորական մահկանացուներու համար գրեթէ անհասկնալի ձեւով մը որ բոլորովին տարբեր է ամբողջ աշխարհի ջախջախիչ մեծամասնութեան հասկցած այն ձեւէն ուր պարզապէս տարբեր քաղաքական կուսակցութեանց կողմէ կը ներկայացուին թեկնածուներ եւ առաւելագոյն քուէ ստացող թեկնածուն կը յայտարարուի յաղթական եւ կը դառնայ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր: Վերջակէտ:
Այս պայմաններու տակ, ընտրութիւնները կարելի չէ իսկապէս երկարակեաց նկատել, ոչ թէ որովհետեւ կարելիութիւն կայ կամ կը նախատեսուի թէ նախորդ շրջաններուն նման խախտումներ կամ խարդախութիւններ կրնան կատարուիլ, այլ պարզ անոր համար որ այս վայրկեանին ընտրութեան մասնակցող որեւէ խմբաւորում կամ կուսակցութիւն պատեհութիւնը անգամ ունեցած չէ յստակ կերպով իր քաղաքական դիմագիծը եւ իր գործունէութեան ծրագիրը կազմելու եւ հետեւաբար նաեւ զայն ընտրողներուն ներկայացնելու:
Այս պայմաններուն տակ, կացութեան ծանօթ բոլորին համար, յայտնի է թէ կայ մէկ նախատեսելի յաղթական խմբաւորում որ Նիկոլ Փաշինեանի Ելք խմբաւորումն է, ոչ թէ որովհետեւ ան անպայման լաւագոյն ծրագրով է որ կը դիմէ ընտրողներուն այլ պարզապէս որովհետեւ Նիկոլը ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան մօտ հասկնալիօրէն և արդարացիօրէն այսօրուան ազգային հերոսն է եւ հետեւաբար գոնէ առ այժմ ինչ որ ան ընէ լաւագոյնն է…:
Անդին կան նախկին շրջաններէն մնացած բազմաթիւ կուսակցութիւններ որոնք «rating-ային» խառնարանին մէջ մտնելու ոչ ախորժակ ունին եւ ոչ ալ նիւթական միջոց: Փոխարէնը կան նաեւ նորելուկ և պատկերաւոր ու հաճելի հնչողութեամբ անուններով ստեղծուած նոր կուսակցութիւններ.անոնցմէ մէկն է օրինակի համար վերջերս նորայայտ կուսակցութիւն մը որ կը կրէ «Քրիստոնեայ Ժողովրդական Վերածնունդ» գեղեցիկ բայց անհասկնալի անունը: Սակայն, դժուար թէ որեւէ կարեւոր թիւով ընտրողներ կարենան նոյնիսկ ճշգրտօրէն ամբողջութեամբ արտասանել անոնց անունները եւ կամ գիտնալ թէ ինչով կը յաւակնին աւելի լաւ վարել երկիրը քան Նիկոլի Ելքը…
Գաղափարախօսական այս անորոշութենէն անկախաբար, ընտրուելու «rating-ային» բարդ ճանապարհը աւելի եւս յուսահատութեան մատնած է բազմաթիւ արժանաւոր քաղաքացիներ որոնք այլապէս կրնային թերեւս յանձն առնել քաղաքական աշխարհի ապերախտ ասպարէզը մտնել և իրենց կարողութիւնները ի սպաս դնել հայրենիքի զարգացման իտէալապաշտ աշխատանքին:
Հասկնալիօրէն այս պայմաններուն մէջ է որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հայաստանի կառոյցը որոշեց այս անգամ եւս իր ուրոյն կազմով չմասնակցիլ ընտրութեանց:
Պարզապէս յայտնի է, և ուրախ եմ որ Թաւշեայ Յեղափոխութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան եւ իր գլխաւորած Ելքը կամ Իմ Քայլը պիտի յաղթական դուրս գան Դեկտեմբերի 9ի արտահերթ ընտրութիւններէն: Այնուհետև Հայաստան պիտի ապրի քաղաքական անցումային շրջան մը որուն ընթացքին ստեղծուած քաղաքական աւելի արդար եւ պարկեշտ միջավայրը առիթը պիտի ընծայէ որ այսօրուան բազմատասնեակ կազմակերպութիւնները ենթարկուին ժամանակի եւ իսկական աշխատանքի քննարկումի փորձաքարին: Անոնցմէ շատեր պիտի պարզապէս անյայտանան եթերին մէջ կամ իրարու միանան կարենալ որդեգրելու համար իսկապէս ուրիշներէ զատորոշուող նկարագիր եւ գործունէութեան ծրագիր: Այդ ժամանակ, երբ կրկին կատարուին ընտրութիւններ, այս անգամ Քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ ընդհանրացած մեծամասնութեան քուէի գերակայութեան հասկացողութեան վրայ հիմնուած կանոններով, երբ առիթը ստեղծուի նոյնպէս բնականոն ընտրապայքարի տրամաբանական ժամանակամիջոցի մը ընթացքին, ներկայացուին կուսակցական իւրայատուկ փլաթֆորմները՛ այն ժամանակ միայն ընտրութիւնները կստանան իսկական իմաստ եւ վստահաբար նաև Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը մասնակցի այդ ընտրութիւններուն եւ ընտրողներուն կ’առաջարկէ քուէարկել ի նպաստ իր հայրենանպաստ գաղափարախօսութեան եւ մանրամասնօրէն ներկայացուած գործունէութեան ծրագիրներուն:
Այսքանը հաւանաբար հասկնալի է բոլորին:
Սակայն հասկնալի է նաև որ հիմա հարց տրուի թէ ինչպ՞էս է որ վերնագրին մէջ , ընտրութիւններէն առաջ եւ նոյնիսկ առանց իսկ մասնակցելու ընտրութիւններուն կը հաստատեմ թէ արդէն յաղթական է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը:
Ահա հիմա բացատրեմ թէ ինչպէս կ’արդարանայ իմ այդ հաստատումս:
Առաջին հերթին որպէս իրողութիւն նկատի պէտք է առնել թէ Հայաստան՝ երթալով բազմաթիւ հարիւր տարիներ ետ, ունեցած է միայն մէկ, 1920-էն մինչեւ 1990 տարիներուն այնտեղ տիրող որոշակի համայնավար համակարգը իր ժամանակակից ամբողջ պատմութեան ընթացքին, եւ նկատի ունենալով իր ապրած բոլոր շրջանները, որպէս բնորոշելի քաղաքական համակարգ, այսինքն regime: Այդ շրջանէն առաջ եւ այդ շրջանէն վերջ երկարող տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ տիրող regime-ներ կարելի չէ որակել միջազգային չափանիշով ընդունուած հասկացողութեանց որեւէ մէկով, ոչ թագաւորութիւն, ոչ մենատիրութիւն, ոչ ընկերվարութիւն, ոչ պահպանողական, ոչ ազատական (liberal) ոչ ալ ռամկավար (democratic):
Յատկապէս 1918էն 1920 շրջանին, ինչպէս նաեւ 1991էն մինչեւ այսօր՝ 2018 թուականը, Հայաստանի մէջ տիրած են քաղաքական՝ խառն եւ անբնորոշելի համակարգեր օրուան փոփոխական՝ տիրող զանազան պարագայական հոսանքներուն եւ անհատներու ազդեցութեանց պատճառաւ:
Այսօր ի վերջոյ, առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստան կը գտնուի ազատ եւ կանոնաւոր ընտրութիւններու նախօրեակին: Սակայն, այս անգամ ալ ինչպէս նշուեցաւ վերեւը, ընտրութիւնները կը կայանան անհասկանալի «rating-ային» տարազով մը եւ ընտրուելու հաւանականութիւն ունեցող քաղաքական կազմակերպութիւններն ալ ժամանակ իսկ չունեցան նախ իրենք իսկ որոշելու եւ յետոյ նաեւ կարենալ ժողովուրդին բացատրելու իրենց քաղաքական նկարագիրը: Քաղաքական այդ կազմակերպութիւնները կը կրեն շատ պատկերաւոր եւ գունաւոր անուններ ինչպէս. Ելք, Մենք, Լուսաւոր, Բարգաւաճ, Ժառանգութիւն, Վերածնունդ, Քրիստոնեայ եւայլն անուններ որոնցմէ ոչ մէկը կը յիշեցնէ գաղափարախօսական դասական նկարագիր մը: Սակայն բոլոր անոնց բերնին մէջ որոնք այս օրերուն կ’երեւան Հայաստանի լրատուական ցանցերուն վրայ եւ կը մասնակցին ընտրապայքարի նմանող հարցազրոյցներու եւ վիճաբանութեանց, կայ մէկ հասարակաց ակնյայտ արտայայտութիւն: Բոլորն ալ իրենց տուած բացատրութեանց ընթացքին, ոգի ի բռին կը ջանան համոզել եւ կը յայտարարեն թէ, իւրաքանչիւրը իր ձեւով, կը հաւատայ եւ կը հետապնդէ «լիպերալ» եւ «տէմոքրադիք» գաղափարախօսութիւն:
Անոնք որոնք այս օտար բառերուն հայերէն թարգմանութեան ծանօթ չեն…, յիշեցնեմ թէ անոնք կը նշանակեն “ռամկավար ազատականութիւն” եւ կամ “ազատական ռամկավարութիւն…”:
Ուրեմն, այլեւս ապահով է թէ ինչ որ ալ ըլլան ընտրութեանց մանրամասն արդիւնքները, Հայաստանի մէջ գործադրուելիք յաջորդ համակարգը պիտի ըլլայ ռամկավար ազատական համակարգ մը…:
Հետեւաբար, թէեւ Հայաստանի՝ գլխագիր տառերով, Ռ.Ա.Կ.-ը , չի մասնակցիր արտահերթ այս ընտրութեանց, սակայն ապահով ենք թէ մեր գաղափարախօսութիւնը պիտի մասնակցի, պիտի յաղթանակէ և գործնապէս պիտի տիրէ Հայաստանի մէջ: Ահա թէ ինչու այդ կը նշանակէ թէ արդէն իսկ յաղթական ենք մեր առաքելութեան իրականացման մէջ…:
Անմիջական ապագային սակայն, Ռ.Ա.Կ.-ը նաև բացառիկ առանձնաշնորհումը պիտի ունենայ իր ուժեղ Մամուլին շնորհիւ դիտողի եւ դատողի վճռական դիրքին վրայ գտնուելու:
Ռամկավար Ազատականութիւնը բառերէն վերջ և անոնցմէ վեր, կը կայանայ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն մէջ գործադրուած գոնգրէթ ծրագիրներու լրջութեան չափին մէջ:
Կը մաղթենք որ, առ այժմ մեր դերը իրենց ուսերուն վրայ վերցուցած կազմակերպութիւնները, ի շահ մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին, արդարացնեն ժողովուրդին կողմէ իրենց տրուած վստահութիւնը…:
Յամենայն դէպս, ասկէ ետք, եւ բնականոն պայմաններու մէջ տեղի ունենալիք յաջորդ ընտրութեանց ժամանակ, վստահ եմ, գլխագիրով իսկական Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, աւելի եւս աշխուժացած եւ երիտասարդացած ոյժերով եւ ղեկավարներով, առաջնորդող դիրքերու վրայ պիտի գտնուի:
Ռ.Ա.Կ.-ը հարիւր տարիներէ ի վեր միակ ազգային կուսակցութիւնն է հայ հաւաքականութեանց մէջ որ վառ պահած է եւ քարոզած է իսկական Ռամկավար Ազատական գաղափարախօսութիւնը:
Ան՝ Հայաստանի մէջ եւս ամէն ջանք պիտի գործադրէ իշխանութեան գլուխը հասցնելու համար այդ գաղափարախօսութիւնը, ի խնդիր հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու պաշտպանութեան: