«Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Սքանտինաւեան Արձագանգը»․ Ցուցադրութիւն՝ Շուէտի Խորհրդարանէն Ներս

Շուէտի խորհրդարանին մէջ, Նոյեմբեր 27-ին, բացուած է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ սքանտինաւեան արձագանգը» վերնագիրով ցուցադրութիւն:

Ըստ Yerkirmedia-ի՝ ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը պատրաստուած էր դեռ 2011-ին, «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամին կողմէ, այնուհետեւ տրամադրուած էր Շուէտի հայկական ընկերակցութիւններու միութեան:

Ռիքստակի մէջ բացուած ցուցադրութիւնը նուիրուած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատւութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրուան, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրի ընդունման 70-ամեակին: Ցուցադրութեան բացման ներկայ եղած են խորհրդարանականներ, դեսպաններ, Սթոքհոլմի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ շուէտական հասարակական գործիչներ, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Ցուցադրութիւնը պիտի գործէ մինչեւ Դեկտեմբեր 20: