Հանրայայտ Լուսանկարիչ՝ Զաւէն Խաչիկեանի Լուսանկարչական Անհատական Ցուցահանդէս «Կարս»էն «Քարշ»

Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ ծուխի կազմաւորման 90-ամեակի տօնախմբութեան շարքին առաջինը, հանրայայտ լուսանկարիչ՝ Զաւէն Խաչիկեանի

լուսանկարչական անհատական աշխատանքներու ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Նոյեմբեր 25. 2018-ին, եկեղեցւոյս «Մարալ Իշխանեան» Սրահին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 1.30-ին, կազմակերպութեամբ Ս.Ե.Հ.Ա. եկեղեցւոյ հովանի տակ գործող, »բարեւ» կեդրոնի վարչութեան: Ներկայ արուեստասէր հասարակութիւնը, հիւրասիրուեցաւ սուրճով եւ ուտեստեղէններով, որմէ վերջ ցուցահանդէսի կազմակերպիչ «բարեւ» կեդրոնի անդամուհի Տիկ. Անի Շարվարեան կատարեց բացման խօսքը:

Բարի գալստեան եւ բացման խօսքէն վերջ, թեմիս փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի, հայրենի լուսանկարիչ Զաւէն Խաչիկեան, հայրենի դերասան Վարդան Պետրոսեանի եւ ներկաներու, տեղի ունեցաւ «Կարս»էն «Քարշ» լուսանկարչական ցուցահանդէսի բացման ժապաւէնի հատումը, որմէ ետք ներկաները շրջեցան ցուցասրահին մէջ, ականատես ըլլալով պատմական հայրենիքի, արցախեան շարժումի, Հայաստանի բնապատկերներու, ինչպէս նաեւ յայտնի ու անյայտ մարդոց դիմանկարները մեծ հետաքրքրութեամբ:

Իրենց սրտի եւ բարեմաղթութեան ջերմ խօսքերով ելոյթ ունեցան, Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան, լրագրող Տիկ. Մերի Մուսինեան, շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկաւ լուսանկարիչ՝ Զաւէն Խաչիկեան:

Պրն. Զաւէն Խաչիկեան անհատական ցուցահանդէսներ տուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներու մէջ, Եւրոպայի, Ռուսաստանի եւ Հայաստանի մէջ ստացած է մրցանակներ իբր «Տարուայ լաւագոյն ֆոթօլրագրող» եւ Հ.Հ. նախագահի մրցանակը:

Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 2.30-ին ներկաները առիթը ունեցան հանդիպում քննարկում լուսանկարիչ Զաւէնի հետ, հարցազրոյցը վարեց լրագրող Տիկ. Մերի Մուսինեանը:

Ցուցահանդէսը բաց էր մինչեւ Դեկտ. 2. 2018: