Նոյեմբեր 28-ին, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի տիկին Աննա Յակոբեան, Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ ՀՀ դեսպան Վարդան Տողանեանի, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի, մշակոյթի եւ արուեստի բազմաթիւ գործիչներու ուղեկցութեամբ՝ Մոսկուայի Գեղարուեստական ակադեմիական թատրոնին մէջ մասնակցած է «Մարդասիրութեան ժամանակագրութիւն» (Летопись Милосердия) խորագիրով ձեռնարկին՝ նուիրուած Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 30-րդ եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկած են Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ ՀՀ դեսպան Վարդան Տողանեանը, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանը, Հայաստանի ազգային հերոս Նիկոլայ Ռիժքովը, «Ազնաւուր» հիմնադրամի ղեկավար Նիկոլիա Ազնաւուրը, երգահան Մարինա Ալեսը, «Սպիտակ» ֆիլմի սենարի հեղինակ Մարինա Սոչինսկայեան:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցած են «Կադանս» անսամպլը, «Հովեր» երգչախումբը, Ջիւան Գասպարեան կրտսերը, Եան Օսինը, Իրինա Պոկուշեւսկայեան, Ադամ Պարրոնը, Միքայէլ Սուչեանը եւ Ռուսիոյ երգահաններու միութեան «Преображение» մանկական երգչախումբը:
Աւարտին տպաւորութիւնները ներկայացնելու ընթացքին՝ Աննա Յակոբեան շեշտած է, որ ձեռնարկը ունէր շատ կարեւոր ուղերձներ: «Հակառակ անոր, որ խօսքը կ՝երթար երեսուն տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգութեան մասին, սակայն ձեռնարկը շնորհակալութեան ձեռնարկ էր, իսկ շնորհակալութիւնը վեհ զգացողութիւն է, վեհ արարք է: Ձեռնարկը ունէր նաեւ շատ կարեւոր, փաստական մաս, թէ ինչպէս հարիւրէն աւելի պետութիւններ օգնութեան ձեռք մեկնեցին հայ ժողովուրդին: Եւ նաեւ մտածելու տեղ կու տայ, թէ ինչու այսօր, երբ կրկին տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կը զոհուին, կը տեղահանուին, ոչ թէ բնական աղէտներու այլ նաեւ պատերազմներու պատճառով, մարդիկ իրարու նոյն կերպով օգնութեան ձեռք չեն մեկներ»,- ըսած է Աննա Յակոբեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչներուն իրականացուցած մեծ աշխատանքի համար: Ձեռնարկին նպատակն էր երախտագիտութեան խօսք յղել բոլոր այն մարդոց ու պետութիւններուն, որոնք Հայաստանի համար ծանր ժամանակահատուածներուն ցուցաբերած են բացառիկ մարդասիրութիւն եւ օգնութեան ձեռք մեկնած են հայ ժողովուրդին:
Ձեռնարկին կազմակերպիչներն էին Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ ՀՀ դեսպանատունը, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնն ու «Ազնաւուր» հիմնադրամը: