Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախարարի պաշտօնակատար Գեղամ Գէորգեան Նոյեմբեր 28-ին ընդունած է սպանական «Կլոպալթեք» ընկերութեան ներկայացուցիչները:
Կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ իրականացնել գործող գիտաարտադրական կեդրոններու վերազինում, ուր կարելի պիտի ըլլայ վերապատրաստել
հայ մասնագէտներն ու արյգեգործները, ինչպէս նաեւ զբաղիլ բուռն այգեգործութեամբ:
Ողջունելով հիւրերը եւ նշելով, որ երկու նախաձեռնութիւններն ալ երկրի համար կարեւոր եւ արդիական են` Գեղամ Գէորգեան պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցութիւն ցուցաբերել ատոնց իրագործման:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի մէջ այգեգործութեան զարգացման, ընկերութեան կողմէ նախատեսուող այգի հիմնելու, նորագոյն արհեստահիտութիւններու կիրառմամբ այգեգործական աշխատանքներու արդիւնաւէտ կազմակերպման, ծրագրի իրականացման նպատակով վարկային միջոցներու ներգրաւման վերաբերող հարցեր:
Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու նպատակով պատուիրակութեան անդամները առաջարկած են ստորագրել փոխըմբռնման յուշագիր: