«Ալեբբօ Քուիզին» հասարակական ձեռնարկատիրական կեդրոնը Երեւանի մէջ պիտի գործէ իբրեւ սնունդի արտադրամաս եւ պիտի մատուցէ ծառայութիւններ՝ սնունդի սպասարկման ոլորտէն ներս: Կեդրոնին նպատակն է սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն համար ստեղծել աշխատատեղեր: Ըստ Armenpress.am-ի՝ «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը կեդրոնի աշխատանքներուն մեկնարկը տուած է Նոյեմբեր 29-ին:
«Այս խոհանոցին միջոցով սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով Հայաստան հաստատուած սուրիահայ կանանց համար ստեղծուած են աշխատանքային պայմաններ, որոնք պէտք է նպաստեն իրենց տնտեսական եւ հասարակական ընդելուզման, նաեւ՝ իրենց ընտանիքներու աղքատութեան յաղթահարման: Այս խոհանոցի ապագայ գործունէութիւններուն մէջ պէտք է ներառուին նաեւ աշխատակազմի ձեռնարկատիրական հմտութիւններու զարգացման ուղղուած դասընթացները: Այս կեդրոնը պէտք է գործէ իբրեւ արտադրամաս եւ սնունդի կէտ եւ ծառայութիւններ մատուցանէ սնունդի արտագնայ սպասարկման ոլորտէն ներս»,- ըսած է «Հալէպ» հասարակական կազմակեպութեան հիմնադիր նախագահ Անի Պալխեան:
«Հալէպ» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը՝ բանալով այս խոհանոցին դռները, կեդրոնի գործունէութենէն գոյացած ողջ շահոյթը պիտի տրամադրէ խոցելի վիճակի մէջ գտնուող սուրիահայերուն համար նոր աշխատատեղեր հիմնելուն եւ սուրիահայ ընտանիքներուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելուն: «Ալեբբօ Քուիզին» հասարակական ձեռնարկատիրական կեդրոնը ներգրաւած է աւելի քան 200 հազար ԱՄՆ տոլարի ներդրում: Անիկա հիմնադրուած է Թեքսասի Հիւսթըն քաղաքի Սբ. Գէորգ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի, Ճափոնի կառավարութեան՝ յանձին ՀՀ-ի մէջ Ճափոնի դեսպանութեան, Գերմանիոյ կառավարութեան՝ յանձին Գերմանիոյ Միջազգային համագործակցութիւն ընկերութեան, ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան նիւթական աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ԵՄ համաֆինանսաւորմամբ «Հայկական Քարիթաս» ՀԿ-ի կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն ծիրէն ներս: