Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հոգեւորական Գրիգոր Կէրկէրեան (Գրիկըր) յատկանշական փաստեր հաւաքած էր թրքական վայրագութիւններուն մասին։ Այդ հաւաքածոն բոլոր գիտնականներուն հասանելի դարձնելու նպատակով, «Քլարք» համալսարանի Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի «Գալուստեան-Մուկար» հայագիտական հետազօտութիւններու ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Թաներ Աքչամ վերջերս համագործակցեցաւ ուսանողներու եւ թուրք փորձագէտներու հետ՝ թուային արխիւ մը ստեղծելու համար։
Արխիւը կ՝ըդգրկէ հազարաւոր բնօրինակ փաստաթուղթեր եւ Գրիկըրի չտպագրուած նիւթերը: Հոն կան Հալէպի մէջ օսմանեան պաշտօնեայ Նայիմ պէյի ձեռագիր յուշերը, որոնք երկար ժամանակ անհետացած համարուած էին, ինչպէս նաեւ՝ Երուսաղէմի պատրիարքարանի փաստաթուղթերը, որոնք կը պարունակեն կարեւոր տեղեկատուութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ 1919-1922-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ուենցած ոճրագործներու դատավարութիւններուն մասին:
Ուշագրաւ են գաղտնազերծուած հեռագիրները, որոնք Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարար Թալաթ փաշան, բանակի հրամանատարները եւ կառավարութեան զինեալ ուժերու ղեկավարները ուղարկած են կայսրութեան շրջաններու ղեկավարներուն: Այդ հեռագիրներէն մէկ մասին վրայ գտնուող օսմանեան պետական կնիքը յստակ կերպով կ՛ընդգծէ օսմանեան կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրումը եւ իրագործումը: Սպանդի այդ հրամանները կը համարուին Հայոց Ցեղասպանութեան ապացոյցներ, որոնք հիմքն են Աքչամի՝ «Սպանութեան Հրամաններ. Թալաթ Փաշայի Հեռագիրերը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» նոր հատորին:
Արխիւին մասին փրոֆ. Աքչամ կը գրէ հետեւեալը. «Այս նիւթերուն հասանելիութիւնը ներուժ ունի փոխելու գիտական ու քաղաքական քննարկումը, ինչպէս նաեւ պայքարելու թրքական ժխտողականութեան դէմ: Իմ պարտականութիւնն է այդ ապացոյցները հասանելի դարձնել աշխարհին»:
Արխիւին ստեղծման նիւթապէս օժանդակած են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը, «Ժիրայր Նշանեան» հիմնարկը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, «Տատրեան» հիմնարկը եւ այլ կազմակերպութիւններ:
Պելմոնթ հաստատուած Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան նուիրուած են Կէրկէրեանի արխիւին մէջ ներառուած բնօրինակ նիւթերը, որոնք պիտի դառնան անոր «Մարտիկեան» գրադարանի մէկ մասը: Ուսումնասիրողներու համար թուային արխիւի նիւթերը հասանելի պիտի դառնան Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան գլխաւոր գրասենեակի շէնքի բացումէն ետք (2019-ի աշնան):
(Պատրաստեց՝ Անի Մելքոնեան)