ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Գիւմրիի մէջ ներկայ եղած է «Հարսանիք Թիկունքում» ներկայացման

Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի բեմին,  Դեկտեմբեր 4-ին, ներկայացուած է ապրիլեան պատերազմի մասին պատմող «Հարսանիք թիկունքում» տեսանիւթը: Անահիտ Աղասարեանի հեղինակած երկու գործողութեամբ դրաման նուիրուած է Ապրիլեան քառօրեայի հերոսներուն: Դեկտեմբեր 4-ին, Գիւմրի ներկայացումը դիտելու համար Գիւմրի գացած էին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ միասին:

Ընդմիջման ժամանակ պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն՝ նախագահը նշած է, թէ  ներկայացումը իրականութեան մէջ Գիւմրիի պատմութիւնն է. «Ծիծաղի ու լացի խառնուրդ: Չես գիտեր՝ երբ ծիծաղիս, երբ լաս, եւ այդ ծիծաղը՝ ցաւի մէջէն եկած ծիծաղը 30 տարի առաջ ես ալ տեսած եմ, երբ ուսանողներու հետ՝ երկրաշարժէն ետք եկայ այստեղ եւ այդ հսկայական ողբերգութեան օրերուն հանդիպեցայ մարդոց, որոնք այդ ողբերգութեան մէջ կրնային դառն ծիծաղիլ: Ներկայացումը հոյակապ է: Կը կարծեմ՝ Հայաստանի մէջ ամէն տեղ պէտք է ցուցադրուի, քանի որ ասիկա միայն Գիւմրիի պատմութիւն չէ, ասիկա մեր ժողովուրդի պատմութիւնն է: Ասիկա իրական պատմութիւն է, ուր կայ ծիծաղը, խոր ցաւն ու ողբերգութիւնը»,- նշած է ՀՀ նախագահը:

«Հարսանիք թիկունքում» ներկայացման հիմքը ընտանիքի մը պատմութիւնն է, որ կը խորհրդանշէ ամբողջ հայ ժողովուրդը: Զաւակի հարսանիքին օրը կը հնչէ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին գոյժը եւ տակնուվրայ կ՝ընէ յոյզերը՝ փոխելով ներկան ու ապագան:
Ներկայացման բեմադրիչն է Լիւտվիկ Յարութիւնեանը, նկարչական ձեւաւորումը իրականացուցած է Գարեգին Եւանկուլեանը, զգեստներու ձեւաւորումը՝ Լուսինէ Խաչատրեանը, իսկ երաժշտական ձեւաւորումը՝ երգիչ, երգահան Հայկ Յակոբեանը (Հայկօ):

Լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցին ժամանակ՝ ՀՀ նախագահը նաեւ իր եւ տիկնոջ անունով ցաւակցութիւն յայտնած է Դեկտեմբեր 4-ին Բարձրաշէնի տարածքին կործանուած Սու-25 մարտական օդանաւի զոհուած օդաչուներու հարազատներուն: «Ոչինչ կրնամ ըսել: Երկու ընտանիք կորսնցուց իր զաւակները: Իմ եւ տիկնոջս խորին ցաւակցութիւնը կ՝ուզեմ  յայտնել ե՛ւ գնդապետի, ե՛ւ աւագ սպայի ընտանիքներուն: Չեմ գիտեր նաեւ ինչ բառեր ըսել, երբ ընտանիքները իրենց սիւնը կը կորսնցնեն: Խորին ցաւակցութիւնս»:

 

Արմէնուհի Մխոյեան

Armenpress.am