Մեր Շէն Սեղանէն. մամիկներուս խոհանոցէն համեր եւ յուշեր

Թագուհի Թովմասեան

Թագուհի Թովմասեանի «Մեր շէն սեղանէն» գիրքը կը տարբերի խոհագիրներու ընկալեալ հաւաքածոներէնու կը վերածուի ճանապարհորդութեան մը՝ դէպի այլեւս «անցեալ» պիտակը կրող օրերը։ Հեղինակը՝ ԹագուհիԹովմասեան, ընթերցողին կը փոխանցէ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն մեծ մայրերէն ուընտանիքի երէցներէն իր սորված աւելի քան երեսուն կերակուրներու, աղանդերներու, աղցաններու, անուշեղէններու ու ըմպելիներու պատրաստման եղանակները՝ անոնց միախառնելով իր յուշերը անձերու կամ վայրերու մասին։

Գիրքը ո՛չ միայն խոհանոցային վարպետութիւն փորձարկելու առիթ մըն է հետաքրքիր խոհարարներուն համար, այլ նաեւ յուշագրական անզուգական հրատարակութիւն մը, որ կը պատմէ Չորլու, Թեքիրտաղ, Սիլիվրի, Չաթալճա եւ շրջակայքը հաստատուած հայութեան մնացորդացին ոդիսականը՝ անոնց գաղթը դէպի Պոլիս կամ ոմանց յամառութիւնը՝ մնալու ծննդավայր հայրենիքին մէջ մինչեւ մահ ու մահէն ալ անդին։ Այլ դրուագ մը կը բացուի Պոլսոյ մէջ. յատկապէս Ետիգուլէ, Սամաթիա, Շիշլի կը ներկայանան իրենց ներկայէն բոլորովին տարբերող դիմագծութեամբ մը։

 

“Արաս” հրատարակչութիւն