Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը, ինչպէս սովորութիւն դարձած է ամէն տարի, կազմակերպած էր զբօսապտոյտ, բայց այս անգամ դէպի Varadero 19-26 Նոյեմբեր 2018:
Մոնթրէալ՝ ձիւնամրրիկ, 20 cm. ձիւն, -10 կամ -15 պաղ, փողոցները գոց, ընդհանուր խօսակցութիւն՝ «ինչո՞ւ հոս եկանք»:
Cuba (Varadero), ծովեզերք, խաղա՜ղ ծովափ, կապոյտ երկինք, հաճելի տաք օդ, նորակառոյց պանդոկ (2 տարուայ):
Անհասկանալի է, թէ ինչո՞ւ չենք մասնակցիր նմանօրինակ զբօսապտոյտներու, աւելի խաղաղ ձմեռ մը անցնելու համար:
Մեր առաջնորդը սրահիս ժրաջան վարչական Արթօ Մանուկեան միշտ մեզի հետ էր, ամէն դժուարութիւններ լուծելու, կամ ներքին պտոյտներ կազմակերպելու (Havana եւլն):
Սակայն արժանի է յիշել, թէ մասնակցողներու, իրարու հանդէպ ունեցած տրամադրութիւնն ու հաճոյակատար զգացումները զբօսապտոյտին յաջողութեան պատճառ կը դառնային:
Կարծես մեծ ընտանիք մըն էր, որ եկած էր զուարճանալու եւ ուրախանալու համար, առանց մանրուքներուն կարեւորութիւն տալու:
Շատ մը ծանօթ դէմքեր կային, որոնք ներկայ էին անցեալ տարիներէն:
Վարձքը կատար կազմակերպողներուն:
Յոյսով ենք, որ յառաջիկայ տարի ալ կրկնուի նմանօրինակ զբօսապտոյտ մը:
Դէպի Հայաստա՞ն:
Առաջարկ մըն է: Կ’արժէ մտածել: