Վերջին շրջանին սուրիական պատերազմի գետնի վրայ արձանագրուող զարգացումները, անգամ մը եւս կու գան յայտնելու, թէ սուրիական պատերազմը իր անորոշութեամբ եւ անըմբռնելիութեամբ, տակաւին երկար պիտի տեւէ, եւ աւարտը միայն պիտի որոշեն միայն անոնք՝ որոնց ձեռքին մէջ է սուրիական հարցին լուծման բանալիները, այլապէս՝ գետնի վրայ խաղացողները պարզապէս հտպիտներ են, որոնք իրենց «վարպետ»ներուն հրահանգները կը գործադրեն: Այս բոլորին մէջ առաջին եւ վերջին տուժողը սուրիացի շարքային քաղաքացին է:
Անցնող չորս տարիներու ընթացքին բազմաթիւ յօդուածներ գրուեցան սուրիական հարցին վերաբերեալ, բազմաթիւ թեր եւ դէմ կարծիքներ արտայայտուեցան, բազմաթիւ առաջարկներ ներկայացուեցան, բազմաթիւ համագումարներ եւ խորհրդաժողովներ գումարուեցան, սակայն ապարդիւն, որովհետեւ գետնի վրայ արիւնահոսութիւնն ու աւերուածութիւնը տակաւին կը շարունակեն սուրիական օրագիրին անբաժան մասը կազմել:
Սուրիահայութիւնը ըլլալով մէկ անբաժան մասնիկը սուրիական հայրենիքին, բնականաբար ինք եւս անմասն մնաց պատերազմի հետեւանքներէն: Գամիշլիի, Հասաքէի, Եագուպիէի, Ղընէմիյէի, Դամասկոսի, Քէսապի, Հալէպի եւ Լաթաքիոյ հայերը ծանր հետեւանքներ կրեցին ու կը շարունակեն կրել տակաւին, ու պիտի շարունակեն կրել այնքան ատեն երբ կոյր ու անհեռատես կոչերը կը շարունակուին՝ կառչած մնալու Մայր Գաղութին եւ վերականգնելու Մայր Գաղութը:
Այս ուղղութեամբ մի քանի մտածումներ.
1) Ինչի՞ն կառչած մնալ. Աւերուած քարերուն, քանդուած տուներուն, խանութներուն եւ եկեղեցիներուն՝ որոնց վերջինն ու ահաւորագոյնը Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ քանդումն էր (որ իր մէջ քաղաքական յստակ նամակ կը պարունակէ ԱՌ ՈՐ ԱՆԿ Է «հասկցողաց բարեւներ»): Ինչի՞ն կառչիլ, ինչպէ՞ս կառչիլ, երբ ոչ մէկ յուսադրիչ բան չկայ, ընդհակառակը՝ միայն թուխ ամպեր, որոնք այնքան թխացած են, որ արեւի մէկ շողն իսկ տեսնել անհնար կը դարձնեն:
2) Ի՞նչը վերականգնել. Վայրագութիւններն ու աւերուածութիւնները կը շարունակուին, եւ այդ պայմաններուն տակ, ի՞նչ վերականգնել, ինչպէ՞ս վերականգնել: Արդեօք այդ կոչերը ուղղողները, իրենք կը հասկնա՞ն իրենց արձակած կոչերու իմաստին մասին: Կը գիտակցի՞ն, թէ ի՛նչ կ’ուզեն եւ ի՛նչ կը պահանջեն հաւաքականութենէ մը, որու համար այսօր հիմնական մտահոգութիւնը իր, իր ընտանիքին եւ իր հարազատներուն կեանքի փրկութիւնն է: Աւելին, այդ կոչերը ուղղողները կը հաւատա՞ն, որ պիտի կարողանան վերականգնել այն ինչ որ կ’ուզեն վերականգնել:
3) Սուրիահայութիւնը այսօր, ցաւօք, անտէր ու անտիրական մնացած է: Շատեր կը կարծեն թէ դուրսէն եկած օժանդակութիւնները բաւարար են պահելու համար Սուրիահայութիւնը: Ի՜նչ յիմարութիւն: Խօսքս նուիրատուներուն ու օժանդակողներուն չէ, չվիրաւորուիք, ընդհակառակը՝ ձեր վարձքը կատար, ըսածս այն է, որ մի քանի հազար տրամադրելը ընտանիքներուն, ամիսը մէկ արկղ մը սննդեղէն բաժնելը մարդոց, երաշխիք չէ, որ մարդիկ գոհ են եւ ապահով: Սուրիահայութիւնը որբ մնացած է: Օրեր առաջ սրբադասուեցան մէկուկէս միլիոն նահատակները 1915-ի Ցեղասպանութեան: Անցեալը յիշել գիտենք, անցեալը արժեւորել գիտենք, անցեալով ներկան քօղարկել գիտենք, բայց ներկային դէմ յանդիման կանգնելու քաջութիւնը չունինք: Աւելին, յանուն «տաք» ու «փառահեղ» աթոռները «անսասան» պահելու, ամբողջ գաղութ մը որբացուցին, չգիտակցելով, որ խորքին մէջ ո՛չ թէ որբացուցին, այլ՝ իրե՛նք որբացան (հեռատես եղողները լաւ կը հասկնան ի՛նչ ըսել կ’ուզեմ), ինչքան ալ փոշի ցանեն աջ ու ձախ, օրը կու գայ երբ թեթեւ զեփիւռ մը կու գայ, այդ փոշին կը մաքրէ ու կը տանի եւ մերկութիւնը կը յայտնէ… բայց ափսոս, արդէն շա՜տ ուշ պիտի ըլլայ:
4) «Գնահատելի» է ձեռնարկներ ու նմանատիպ ծրագրեր կազմակերպելը եւ նկարներ տեղադրելը, ըսելով որ մենք տակաւին կանք: Լաւ, պահ մը արդեօք մարդոց հարցուցած էք ի՞նչ կ’ուզեն: Ձեռնարկներն ու նման ծրագրերը պարզապէս քօղ մըն են, որ այսօր տակաւին կարելի է գործածել, բայց շուտով այդ ալ պիտի իր ազդեցութիւնը կորսնցնէ, որովհետեւ այդ մէկը կը նմանի գերեզմանատան մէջ պարահանդէս կազմակերպելուն…: Պահ մը ականջ տանք սուրիահայութեան, լսենք անոնց սիրտին ձայնը եւ աշխատինք ամէն կերպ փրկել մնացածը: Եւ փրկելու միակ ճանապարհը ներկայիս՝ Հայրենիք տեղափոխելն է, ո՛չ այլ տեղ: Շատերը կ’ըսեն գոնէ առայժմս Լիբանան փոխադրեն, բայց 24 Ապրիլ 2015-ի զարգացումները Լիբանանեան գետնի վրայ, լիբանանահայութեան համար ալ յստակ նամակ մըն էր (այս մասին առանձինն): Ժամանակն է այլեւս ԻՐԱՊԱՇՏ ըլլալու եւ ԻՐԱՊԱՇՏՕՐԷՆ մտածելու, որպէսզի յետագային աւելի ահաւոր երեւոյթներու եւ դէպքերու չհանդիպինք: Քանի տակաւին կարելիութիւն կայ ամէն ջանք պէտք է թափուի փրկելու համար սուրիահայութիւնը այդ ահռելի դժոխքէն: Ի՜նչ օգուտ ստիպել մարդոց մնալ այնտեղ, երբ կեանքի ո՛չ մէկ նշոյլ չկայ: Ինչի՞ն վրայ պիտի թագաւորեն անոնք որոնք կող կ’ուղղեն կառելու եւ վերականգնելու, սուրիահայութեան դիակներուն եւ գերեզմաններո՞ւն վրայ: Վերջ տուէք սին ու անձնական փառասիրութիւններու համար սուրիահայութիւնը ակամայ զոհի եւ քաւութեան նոխազի դերին մէջ պահելու անմարդկային փորձերուն:
Սուրիահայութիւնը, այո՛, մասնիկն է սուրիական հայրենիքին, բայց միւս կողմէ ալ պէտք չէ մոռնանք, որ այսօր Հայրենիք ունինք, ուր կրնանք ապաստանիլ, բալասանուիլ, թարմանալ, շարունակելու համար մեր արշաւը մարդկային պատմութեան մէջ:
Յակոբ Քորթմոսեան