Հայոց Ցեղասպանութեան Գանատայի 100-ամյակի ձեռնարկներու կազմակերպիչ յանձնախմբի նախաձեռնութեամբ Կիրակի, Ապրիլ 19, 2015-ին տեղի ունեցաւ յիշատակի միջոցառում և բազմահազարանոց քայլարշաւ Թորոնթոյի մէջ, Օնթարիոյի նահանգային Խորհրդարանի Քուինզ Բարքի առջև: Քայլարշաւին կը մասնակցէին ոչ միայն հինգ հազարէ աւելի թորոնթօբնակ հայեր, այլեւ զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներ, որոնց մէջ էին Պոնտացի յոյներ, ասորիներ, հրեաներ, քիւրտեր, ռուանտացիներ և կիպրացիներ:
Միջոցառմանը մասնակցող պատուաւոր հիւրերու շարքին էին Օնթարիոյի Վարչապետ Քաթլին Ուէյնը, ազգային պաշտպանութեան և բազմամշակոյթի նախարար Ճէյսըն Քէնի, Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճոն Թորի, Ֆետերալ և Նահանգային կառավարութիւններու ներկայացուցիչներ, Գանատայի մօտ ՀՀ Արտակարգ և Լիազօր Դեսպան Արմէն Եգանեան, դիւանագէտներ, Գերաշնորհ Հայրեր՝ Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան և Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեան, Հոգևոր Հայրեր եւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Միջոցառման գլխաւոր բանախօսն էր Գանատահայ հանրաճանաչ կինոռեժիսոր Ատոմ Էկոյանը:
Պատուաւոր հիւրերու ելոյթէն յետոյ սկսաւ Միասնութեան Երթը՝ Քուինզ Բարքէն դէպի Թորոնթոյի Մեդրոբոլիտէն Եունայթըտ Եկեղեցի, որտեղ տեղի ունեցաւ Միջհամայնքային Հանդիսաւոր Հաւաքական Աղօթքի արարողութիւնը: Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած այս իւրօրինակ միջեկեղեցական արարողութիւնը կազմակերպուած էր Թորոնթոյի Հայ եկեղեցիներու Միջհարանուանական Մարմնի կողմէ՝ անդամակցութեամբ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական, Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաքելական, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու: Իրենց համատեղ եւ միասնական ելոյթով արարողութեանը մասնակցեցան նաև վերոյիշեալ եկեղեցիներու երգչախմբերը: Իսկ բազմաքանակ հաւատացեալ ժողովուրդը իր աննախընթաց ներկայութեամբ լեցուցած էր ոչ միայն եկեղեցին այլեւ եկեղեցւոյ բակը:
Թորոնթոյի Հայ եկեղեցիներու Միջհարանուանական Մարմնի կողմէ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգևոր Հովիւ Զարեհ Աւագ Քահանայ Զարգարեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց Գանատայի մօտ ՀՀ Արտակարգ և Լիազօր Դեսպան Արմէն Եգանեանին, Գանատայի Ֆետերալ եւ Նահանգային կառավարութիւններու ներկայացուցիչներուն ու պատուաւոր հիւրերուն: Զարեհ Աւագ Քահանայ Զարգարեանը յատուկ գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Թորոնթոյի Կաթողիկէ համայնքի Հոգևոր առաջնորդ Թովմաս Կարտինալ Քոլինզին, Գանատայի Անգլիկան եկեղեցւոյ Թորոնթոյի թեմի առաջնորդ Քոլինզ Արքեպիսկոպոս Ճոնսընին, Միսիսակայի և Վանքուվըրի Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Եպիսկոպոս Մինային, ինչպէս նաև Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Գանատայի Եթովպիայի Սրբազան Սինոտի, Գանատայի Բրեսպիդերական Եկեղեցւոյ Մեդրոբոլիտէն Եունայթըտ Եկեղեցւոյ Սբ. Մարկոս Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Գանատայի Միացեալ Եկեղեցւոյ (United Church) բարձրաստիճան հոգևորականներուն և Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդին:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ ելոյթ ունեցաւ դեսպան Արմէն Եգանեան, իսկ Գանատահայ հաւատացեալ ժողովուրդի անունով հանդէս եկան Գերշ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը և Գերշ.Մեղրիկ Եպիսկոպոս Արարողութեան:
Արարողության ընթացքին քարոզեց Թորոնթոյի Կաթողիկէ Համայնքի Հոգևոր Առաջնորդ Թովմաս Գարտինալ Քոլինզը՝ իր քարոզը նուիրելով Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Այս հոգեպարար էկումենիկ արարողութեամբ յաւուր պատշաճի յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ բոլոր անմեղ զոհերու յիշատակին՝ քաջալերելով բոլորին շարունակել պայքարը մարդկութեան ուղղուած բոլոր տեսակի բռնութիւններու դէմ:
Կը ցանկանք գնահատանքի խօսք ուղղել Գանատայի Խորհրդարանի Հանրային Պալատին և Կառավարութեան՝ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար:
Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաև Գանատայի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումներու կազմակերպիչ յանձնախումբին՝ իրենց անսահման նուիրուածութեան, տարած լայնածաւալ ու կազմակերպուած աշխատանքի համար:
Մամլոյ դիւան
Լուսանկարները՝ Արսէն Կիւլեսէրեան