Հակառակ անոր որ երկրի տնտեսական համատարած ճգնաժամը երթալով աւելի կը խորանայ, և հակառակ անոր որ շքեղութիւն համարուող առևտրական տեսակները կը շարունակեն նահանջել, կերպարուեստի միջազգային փառատօները ինչ որ չափով տուժելով հանդերձ, յարատևօրէն կը բազմանան ամենուրէք: Պատճառները մէկէ աւելի են: Նախ ժամանակակից մարդը առօրեայ տաղտուկները շրջանցելու և ընկճախտը մեղմելու համար, հանապազօրեայ հացի նման պէտք ունի արուեստի կենարար ու սփոփիչ ուժին: Ապա փառատօները ոչ միայն կը նպաստեն մշակոյթի աշխուժացման, զարգացման և երկրի վարկի բարձրացման, այլև կառուցողական դեր կրնան կատարել նոյնի’սկ տնտեսական ասպարէզէն ներս: Ներդրողներէն շատեր երբ յուսախաբ կ’ըլլան անշարժ գոյքերէն և արժեթուղթերէն, իբրև աւելի ապահով ներդրում կը նախընտրեն իրաւ ու բարձրորակ կերպարուեստը:
Պատկերացուցէք, որ անցնող տարուան նոյն օրերուն (4-10 Դեկտեմբերին) Մայամիի մէջ տեղի ունեցան քսաներեք կերպարուեստի միջազգային փառատօներ, որոնց շարքին մասնագիտացուածեր: Ինչպէս. ջրաներկի, վիմատպութեան, լուսանկարչութեան, ափրիկեան և կամ յարդարային արուեստի նուիրուած յատուկ փառատօներ: Այս մէկը իւրայատուկ երևոյթ է աշխարհի տարածքին և մեծապէս կը կարևորուի ու կը քաջալերուի ԱՄՆ-ի Ֆլորիտայի նահանգի իշխանութիւններուն կողմէ: Մէկ խօսքով աշխարհի տարբեր վայրերէն, յատկապէս ամերիկաներէն ամէն տարի Դեկտեմբերին Մայամի կը խուժեն բազում արուեստասէրներ, նախ արուեստի հմայքը ըմբոշխնելու և ապա անոնցմէ իւրաքանչիւրը ի հարկին իր ճաշակին և կամ կարողութեան համապատասխան արուեստ ձեռք բերելու համար: Այնուամենայնիւ անոնք դժուարահաճ ու զգոյշ կը թուին ըլլալ իրենց ընտրութիւններուն մէջ, որովհետև մէկ կողմէ տեսականին չափազանց շատ է և միւս կողմէ սխալելու պարագային, կրնան տհաճ կացութեան մատնուիլ:
«Նոազ Արք» ցուցասրահը, որ տարիներու հսկայական փորձառութիւն ունի այս բնագաւառէն ներս, անցնող Դեկտեմբերի 5-9 օրերուն մասնակցեցաւ «Red Dot-Spectrum Miami» համատեղ կերպարուեստի միջազգային փառատօնին: Այս անգամ կը ներկայացնէր վեց գեղանկարիչներ. Էդիկ Բերդեան, Պերճ Չաքէճեան, Վահրամ Դաւթեան, Սուրէն Ոսկանեան, Վահան Ռումելեան և Դաւիթ Դաւթեան: Ինչպէս միշտ, հոս եւս Նոազ Արքի նեկայացուցած արուեստագէտները, իրենց առանձնայատուկ ատայայտչաձևերով ու կատարողական բարձր մակարդակով արժանացան յատուկ ուշադրութեան և համապատասխան գնահատանքներու: Ցուցահանդէսին անձնապէս ներկայ էր գանատահայ գեղանկարիչ՝ Պէրճ Չաքէճեանը, որուն առինքնող և տարբերուող արուեստը ուրոյն հետաքրքրութիւն ստեղծեց յատկապէս՝ կարգ մը արուստաբաններու և լրագրողներու մօտ, որոնց տպաւորութիւնները յետագային կը խոստանանք թարգմանաբար մամուլին յանձնել: Շնորհիւ Նոազ Արք ցուցասրահի հետևողական աշխատանքներուն անգամ մը ևս Հայ մշակոյթի այս երակը ճակատաբաց կը նեկայացուէր միջազգային արուեստասէր հանրութեան:
Այս առումով պատահական չի կրնար ըլալ, որ յիշեալ գեղանկարիչներէն երեքը (Վահրամ, Սուրէն եւ Դաւիթ) «Հպարտօրէն կը նեկայացուին» նաեւ «Art Evolution»ի նման արուեստի միջազգային հաստատութեան մը կողմէ, որ գործակցաբար «The Dali Universe» Զուիցեիոյ մենաշնորեալ հիմնարկին և «Noah`s Ark» ցուցասրահին հետ, Սալվասոր Տալիի մահուան 30-ամեակին առիթով, ձեռնարկած է ցուցահանդէսներու շարքի մը, որուն մեկնարկը սկսաւ 2018-ի ամրան, Փարիզի Մոնմարթր պողոտայէն(ուր մնայուն ցուցադրութեան դրուած են Սալվատոր Տալիի քանդակները): Իսկ անցնող Ապրիլին Մոնաքոյի գլխաւոր հրապարակին կից գտնուող «222» ցուցասրահին մէջ, «Տալիի տիեզերքը» ընդհանուր խորագրին տակ, կազմակերպուեցաւ յատկանշական խմբային ցուցահանդէս մը, ուր Տալիի կողքին ցուցադրուեցան հինգ տարբեր բնոյթի գերիրապաշտ արուեստագէտներու գործերը: Ինչպէս. Չարլզ Պիլիչ, Թոլըր Գրանթսըն, Վահրամ Դաւթեան, Սուրէն Ոսկանեան և Դաւիթ Դաւթեան: Ապա նոյն բովանդակութեամբ «Տալիի Տիեզերքը» ցուցահանդէսը տեղափոխուեցաւ Սիտնիի «Պիլիչ» ցուցասրահը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ անցնող նոյեմբերի 15-ին: Տրուած ըլլալով որ այս միջոցառումը երևոյթ դարձաւ Սիտնիի մէջ, որոշուեցաւ անոր ցուցադրումը շարունակել մինչև 2019-ի Յունուարի վերջը: Իսկ յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ Մելպուրնը: Այս առիթով հրատարակուած է նաև շքեղ պատկերագիրք մը, «Տալիի Տիեզերքը» ընդհանուր խորագրին տակ, որուն առիւծի բաժինը արդարօրէն յատկացուած է Տալիին, ուր յաջորդաբար ներկայացուած են նաև վերոյիշեալ գեղանկարիչները. Պիլիչ, Քրենթըըն, Վահրամ, Սուրէն և Դաւիթ: Այս բոլորին զուգահեռ այս տարուայ Նոազ Արքի մեծագոյն նուաճումը եղաւ այն որ «Նոազ Արք» իրաւունք ստացաւ ներկայացնելու և ցուցադրելու անոր ստեղծագործութիւնները Սալվատոր Տալին:
Ինչպէս նախորդ տարիները, 2018 եւս արդիւնաւէտ տարի մը կրնանք համարել «Նոազ Արք»ի համար, որու ընթացքին կենսական դեր կատարեց նաև «Ֆրանգոֆոնեան Ծիրի վրայ» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ անցնող Հոկտեմբերին, Պէյրութի «Նոազ Արք» ցուցասրահէն ներս, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ՝ Ֆրանսայի և Հայաստանի զոյգ դեսպաններուն: Ցուցադրուեցան ֆրանսահայ հինգ ականաւոր գեղանկարիչներու (Էտկար Շահին, Գառզու, Ժանսեմ, Շարթ և Ասատուր) յիսունէ աւելի գործերը, որոնք, մեծապէս գնահատուեցան իբրև տարբեր մշակոյթներու խաչաւորման արգասիք և բարեկամութեան խորհրդանշան:
Այսպիսով «Նոազ Արք» կը շարունակէ Հայ կերպարուեստը տարածելու իր առաքելութիւնը:
Թղթակից
Ծանօթ. Այս առիթով տրուած մամլոյ հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկանանք, թէ Սալվատոր Տալիի սոյն ցուցահանդէսը շրջագայութեան պիտի դրուի Աւստրալիոյ կարգ մը գլխաւոր քաղաքներու եւ այլ երկիրներու մէջ: Թուականները պիտի յայտարարուին օրին: