ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆԻ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՊԱՏԻ’Ւ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԻՆ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆԻ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Քիչ է թիւը անոնց, որոնք ի ծնէ օժտուած են գրականութեան, գեղարուետի, հրապարակագրութեան, քննադատութեան, քաղաքական վերլուծումի, կրթական, կազմակերպչական բազմազան բարեմասնութիւններով: Ալ աւելի քիչ են անոնք՝ որոնք այդ երկնատուր շնորհները ամբողջութեամբ նուիրած են ու աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր անսպառ եռանդով կը շարունակեն նուիրաբերել ի նպաստ հաւաքականութեան հոգեմտաւոր զարգացման:
Այդ բացառիկ դէմքերէն մին է Երուանդ Ազատեան, որ իր ծննդավայր Լիբանանէն մինչեւ Եգիպտոս եւ Միացեալ Նահանգներ ու Գանատա, հայ գաղթօճախներու մշակութային, կրթական, մամուլի, քաղաքական եւ այլ բնագաւառներէ ներս առատապէս սատարած է յետ-Եղեռնեան հին ու նոր հայ համայնքներու առողջ բարգաւաճումին:
Պէյրութի ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան երկր. Վարժարանին մէջ կոփուած մեծ դաստիարակ Արա Թօփճեանի շունչով, հայ մամուլի հնոց՝ «Զարթօնք»ին մէջ թրծուած է խմբագրապետ Գերսամ Ահարոնեանով, Փրոֆ. Բառունակ Թովմասեանով եւ Հայկաշէն Ուզունեանով: Ապա Գահիրէի մէջ խմբագրած է «Արեւ» օրաթերթը, Վահան Թէքէեանի, Միհրան Տամատեանի, Միքայէլ Կիւրճեանի, Ալեքսանտր Սարուխանի, Նուպար Պէրպէրեանի, Յամբարձում Գարայեանի, Արշակ Ալպոյաճեանի եւ ուրիշներու ազգային-մշակութային առողջ մթնոլորտին մէջ: Համալսարանի ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին ու յետագային Պոստոնի North East եւ Wayne State համալսարաններուն մէջ, նոյնժամանակ ստանձնելով Պոստոնի «Պայքար» ու անգլիատառ The Armenian Mirror-Spectator թերթերու հոգը: 45 տարիներ առաջ մասնակցած է Մոնթրէալի «Ապագայ» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան, աշխատակցած է տասնեակ մը այլ հայկական թերթերու, ու կը շարունակէ իր փնտռուած, քաղաքական հմուտ վերլուծումներու շաբաթական սիւնակը, ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ:
Հրատարակած է «Կեանք ու Երազ Հայաստան», «Գրական Գեղարուեստական Սեւեռումներ», “History on the Move”, “Portraits and Profiles”, «Վահան Թէքէեան Հատընտիր» եւ “Perspectives Arméniennes” իր յօդուածներու ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ խմբագրած է Վահան Թէքէեանի փունջ մը քերթուածներու հայերէն եւ անգլերէն երկլեզու հրատարակութիւնը: Տուած է բազմաթիւ դասախօսութիւններ եւ բանախօսութիւններ ու մասնակցած է գիտաժողովներու:
Եղած է ազգային մեծ բարերար Ալեք Մանուկեանի անձնական գրասենեակի վարիչը եւ Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի ատենապետը, աշխարհատարած մշակութային եւ կրթական ծրագրաւորումներու իր կենսական մասնակցութիւնը բերելով: Եղած է Տիթրոյիթի ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետը, ու իր կողակիցին՝ Նորա Իփէքեան-Ազատեանի հետ աշխոյժ կերպով կազմակերպած է մշակութային բազմաթիւ բարձրորակ յայտագիրներ:
Ղեկավար պաշտօններ ստանձնած է ՌԱԿ-ի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ամենաբարձր մակարդակներու վրայ, անդամ եղած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ յաճախակի այցելութիւններով սերտ կապեր հաստատած է Սփիւռքի եւ Հայաստանի մտաւորականութեան միջեւ: Պարգեւատրուած է «Ս.Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» Հայրապետական շքանշանով ձեռամբ Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, արժանացած է Մովսէս Խորենացի Նախագահական մետալին եւ Հայաստանի Գողներու Միութեան մետալին, ինչպէս նաեւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատւոյ Տոքթորային:
Կը շնորհաւորենք Երուանդ Ազատեանի 80-ամեայ յոբելեանի այս նշանակալից հանգրուանը եւ կը մաղթենք իր պատկառելի վաստակին յարաճուն երթ, ի նպաստ Հայ Ժողովուրդի պայծառ ապագային:

Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան
Ատենապետ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու
եւ Գանատայի Կեդր. Վարչութեան