Ֆրեզնոյի հայութեան պատմութեան նուիրուած մնայուն ցուցահանդէս մը բացուած է Ֆրեզնօ Գաւառի Պատմութեան թանգարանին մէջ, ուր լուսարձակի տակ կ՛առնուին յատկապէս Ֆրեզնոյի առաջին հայերուն ներդրումները եւ իրագործումները Սան Ուաքին հովիտի տնտեսական ու կրօնական կեանքին եւ հողագործութեան պատմութեան մէջ։
Ցուցահանդէսը իրականցած է շնորհիւ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի շրջանաւարտներ Ճեֆրի եւ Ճէյսըն Ահրոնեաններու ջանքերուն եւ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի, Ռիչըրտ Ահրոնեանի ու Ռիչըրտ Յակոբեանի ցուցաբերած աջակցութեան։