Քալիֆորնիայի համալսարանի ուսանողական խորհուրդը հակաթրքական բանաձեւ ընդունած է

Ամերիկեան Քալիֆորնիայի համալսարանի Սանթա Քրուզի մասնաճիւղի ուսանողական խորհուրդը ընդունած է գաղտնի քուէարկութեամբ բանաձեւ, որ կ՝արգիլէ 72.6 միլիոն տոլար արժողութեամբ համալսարանական պարտատոմսերու եւ այլ ներդրումներու կատարում Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ:
Ուսանողական խորհուրդի նման որոշումը կապուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով Թուրքիոյ իշխանութիւններու վարած ժխտողական քաղաքականութեամբ:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Քալիֆորնիայի համալսարանին կողմէ թրքական կառավարութեան մէջ ներդրումներ ընելու դէմ հանդէս եկած են ոչ միայն Սանթա Քրուզի մասնաճիւղի ուսանողները, այլեւ Հայ ուսանողներու ընկերակցութիւնը, հայ համայնքի ներկայացուցիչները:
«Տուեալ բանաձեւի ընդունումը ցոյց տուաւ Թուրքիոյ, որ հայ ժողովուրդը պիտի չնահանջէ, քանի դեռ իրենք չեն ճանչցած Ցեղասպանութիւնը»,- նշած է Հայ ուսանողներու ընկերակցութեան անդամ Քամի Քահուէճեանը:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ ընթացիկ տարուան առաջին կիսուն ներդրումներու հետ կապուած նման հակաթրքական բանաձեւ ընդունած է Քալիֆորնիայի համալսարանի 5 մ տոլար: