Թէքէեան Մշակակութային Միութիւն Աւանդական խթման խրախճանք

Մոնթրէալ

 

Աշխարհական ու հոգեւոր, ներդաշնակօրէն միաձուլուած զգացումներով՝ աւանդական խթման խրախճանքը տեղի ունեցաւ 5 Յունուար 2019 ի երեկոյեան:

Պրն. Հրայր Տէր Գէորգեան ջերմագին բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, շնորհաւորելով Նոր Տարին եւ Հայկական Ս. Ծնունդը:

Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց սիրայօժար աջակցութեամբ, Թ.Մ.Մ. Միութիւնը կարողացաւ կազմակերպել սոյն երեկոյթը, Աւետիս Ճիհանեանը ու նոյն ինք Հրայր Տէր Գէորգեանը, որ կեդրոնական ուժին ու աշխատանքին պատճառ դարձած էին: Գնահատանքը արտայայտեց Պարգեւ Նազարէթեանի եւ Աբրահամ Տէմիրճեանի, որոնք քաջութիւնը ունեցան, դուրսը ձիւնին մէջ, կրակարանին առջեւ, պատրաստելու օրուան համեղ ճաշերը, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք աջակցեցան պատրաստելու այս երեկոյթը յանձինն՝ Արմինէ Պօղիկեանի, Անի Թորիկեանի, Սօնա Ճանճիկեանի Սիլվա Թէլլալեանի եւ Պերճ Քիւփէլեանի:

Մասնաւոր շնորհակալութիւններ յայտնեց Տիկ. Վարդուհի Պալեանի եւ Թագուհի Աղազարեանի, իրենց ցուցաբերած հոգածութեան համար:

Հայկական շուրջ-պարի ու զանազան պարերու կշռոյթին վրայ մեզ խանդավառեց Տօքթ. Լեւոն Քէշեան, որ սիրայօժար կատարեց D.J.-ի պատասխանատուութիւնը:

Ըսինք աշխարհական եւ հոգեւոր զգացումներով միաձուլուած խթման երեկոյ մըն էր: Ներկայ էր Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը՝ Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեան, որ իր սրբաբարբառ օրհնութեամբ բացումը կատարեց հայկական ճաշի սեղանին – ներկայ էին նաեւ Արժանապատիւ Տէր Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեանը իր յարգելի երէցկինին հետ: Իսկ մենք ներկաներս գոհունակութեամբ կը վայելէինք հոգեպարար եւ իսկական հայկական աւանդական խթումը: