Հայաստան-Սուրիա բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի պատուիրակութիւնը Տաճատ Վարդապետեանի գլխաւորութեամբ Սուրիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցած է վարչապետ Ուաէլ Ալ Հալքիի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Ալ Մուալեմի հետ:
Վարչապետին հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան յարաբերութիւնները եւ զանոնք աշխուժացնելու ուղիները:
Վարչապետ Ալ Հալքին հայ գործարարներուն եւ ընկերութիւններուն կոչ ըրած է համագործակցելու` ստեղծելով զարգացնող նախագիծեր, եւ մասնակցելու երկրի վերականգնման:
Ան նաեւ նշած է, որ դաժան եւ զանգուածային սպանութիւնները, որոնք Էրտողանի գլխաւորութեամբ կ՛իրականցնեն նոր օսմանցիները, կը յիշեցնեն դաժան յանցագործութիւնները, որոնք կատարած են անոնց նախնիները հայ ժողովուրդին դէմ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուած են Սուրիոյ մէջ հայ նախարար Նազիրայ Սարգիսը, նաեւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեանը:
Սուրիոյ ԱԳ նախարար Ուալիտ Ալ Մուալեմը նշած է, որ ահաբեկչութիւնը լուրջ սպառնալիք կը ստեղծէ տարածաշրջանի եւ միջազգային անվտանգութեան ու կայունութեան համար` կոչ ընելով միջազգային հանրութեան ճնշում գործադրելու ահաբեկչութեան աջակցող երկիրներուն վրայ, յատկապէս Թուրքիոյ, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ, որպէսզի սահմանափակեն անոնց ոչնչացման քաղաքականութիւնը եւ հետեւեն ՄԱԿ-¬ի որոշումներուն` յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ:
Յիշենք նաեւ, որ նախապէս պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի հետ: