Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի փոխնախարար Վահէ Բուդումեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Ամփոփելով համայնքներուն մէջ գործող գրադարաններու մասին մարզպետարաններէն ստացած տեղեկատւութիւնը եւ զայն համադրելով ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան տուեալներու հետ՝ արձանագրած ենք, որ այժմ կը գործէ 472 համայնքապատկան գրադարան, երբ 2015-ին այդ թիւը 697 էր:
Ի դէպ հաշուարկին մէջ ներառուած են համայնքապետարաններուն, գիւղապետարաններուն, մշակութային այլ հաստատութիւններուն կից գործող գրադարանները, որոնք չունին պատրաստուած գրադարանային մասնագէտ, հասանելիութիւն եւ իբրեւ կանոն չեն իրականացներ գրադարանի պարտադիր գործառոյթները:
Փակուած կամ լուծարուած գրադարաններու ֆոնտերը գրեթէ բոլոր պարագաներուն փոխանցուած է մերձակայ դպրոցին կամ համայնքապետարաններուն: Որոշ պարագաներու գրքային ֆոնտը տեղափոխուած է գրադարանավարի տուն»: