ֆրանսացի յայտնի ճանապարհորդ էջատէր Թոլդը (Benjamin Martinie) գեղեցիկ տեսահոլովակ մը նկարահանած Հայաստանի մասին` վերնագրելով զայն «Մի՛ երթաք Հայաստան»:
Յոլովակի բնագիրը կառուցուած է հակադրութեան սկզբունքով: Թէեւ հոլովակը կը կոչուի «Մի՛ երթաք Հայաստան»` գեղեցիկ պատկերները հակառակը ցոյց կու տան: Օրինակ, կ՛ըսուի, որ Հայաստան լաւ գինի ու գինեգործութիւն չունի եւ կը ցուցադրուի գինիի մառաններն ու խաղողի դաշտերը:
«Մի՛ երթաք Հայաստան` բնութիւնը գունեղ չէ, Հայաստանը չունի հարուստ պատմութիւն, չունի գինեգործութեան աւանդոյթներ եւ համեղ խոհանոց»,-կ՛ըսուի տեսանիւթին ուղեկցող ենթագիրներուն մէջ` աւելի հզօրացնելով ներկայացուող պատկերներու դրական ազդեցութիւնը:
Եւ վերջաւորութեան էջատէրը գրած է«Մի՛ երթաք Հայաստան, եթէ ոչ չափէն շատ բան պիտի ունենաք պատմելու»։